image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան մտադիր է C-400-ի նոր խմբաքանակ գնել

Թուրքիան մտադիր է C-400-ի նոր խմբաքանակ գնել

Անգարան հետագային եւս Մոսկուայէն ձեռք պիտի բերէ С-400 զենիթահրթիռային համալիրները։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ամերիկեան CBS հեռատեսիլային կայանին տուած հարցազրոյցին։

Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք Անգարան կը պատրաստուի նման քայլի դիմել, Էրտողան ըսած է. «Ապագային ոչ ոք կը կարողանայ միջամտել այն հարցին, թէ ինչ պաշտպանական համակարգեր մենք ձեռք պիտի բերենք, որ երկրէն եւ ինչ մակարդակով։ Ոչ ոք կը կարողանայ միջամտել այդ հարցին։ Միայն մենք կարող ենք նման որոշումներ կայացնել, ի հարկէ, այո՛»։

«Ես ամէն ինչ բացատրած եմ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Պայտընին։ Մենք կը պատրաստուէինք F-35 ինքնաթիռներ ձեռք բերել եւ անոր համար 1,4 միլիառ տոլար վճարած ենք», ընդգծած է Էրտողան` աւելցնելով, որ Անգարան այդպէս ալ չէ ստացած կործանիչները։

Էրտողանի խօսքով` իրենք նաեւ խնդրած են վաճառել Patriot զենիթահրթիռային համալիրները, սակայն Միացեալ Նահանգները չէ համաձայնած։

Նշենք, որ հարցազրոյցը նախորդած է 29 Սեպտեմբերին Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ կայանալիք Փութին-Էրտողան հանդիպման։