image

Թուրքիան կը հասկնայ Ատրպէյճանի մտահոգութիւնները Հայաստանի վերաբերեալ․ Ֆիտան

Թուրքիան կը հասկնայ Ատրպէյճանի մտահոգութիւնները Հայաստանի վերաբերեալ․ Ֆիտան

«Մեր անհատական ​​եւ ընդլայնուած կազմով հանդիպումներուն ընթացքին, անգամ մը եւս արձանագրուեցան տնտեսական ոլորտին մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններ։ Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին։

Պայրամովն ըսած է, որ շարք մը համատեղ նախագիծեր կ'իրականացուին. «Այսօր թրքական ընկերութիւնները Ատրպէյճանի մէջ աւելի քան 16 միլիառ տոլարի ներդրումներ կը կատարեն։

Ատրպէյճանի մէջ գործող թրքական ընկերութիւններու թիւը կ'աճի, մեր երկրին մէջ արդէն կը գործէ շուրջ 4 հազար թրքական ընկերութիւն. անոնց շարքին կան թրքական ընկերութիւններ, որոնք շատ գործուն են ազատագրուած տարածքներուն մէջ։ Կը ցանկայի յատկապէս առանձնացնել թրքական այս ընկերութիւններու գործունէութիւնը»։

Նախարարը նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համատեղ մասնակցութեամբ իրականացուող համաշխարային նախագիծերը փոխած են փոխադրային եւ լոկիստիկ քարտէզները։

«Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը կը բխի բոլորի շահերէն»,-յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: 

«Պայրամովի հետ հանդիպման քննարկած ենք նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած հարցեր, Թուրքիան կը հասկնայ Ատրպէյճանի մտահոգութիւնները Հայաստանի վերաբերեալ»,- նշած է ան։