image

Թուրքիան կազի զեղչ կ'ակնկալէ. ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկեն Փութինն ու Էրտողանը Սամարղանտի մէջ

Թուրքիան կազի զեղչ կ'ակնկալէ. ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկեն Փութինն ու Էրտողանը Սամարղանտի մէջ

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճէպ Էրտողանը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս պիտի հանդիպին Սամարղանդի մէջ։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ այս տեղեկութիւնը հաստատած Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Այս խօսակցութիւնն իսկապէս հասունցած է։ Մենք կը տեսնենք, որ իսթանպուլեան պայմանաւորուածութիւնները հացահատիկի վերաբերեալ կ'իրականացուին։ Կը տեսնենք նաեւ, որ այդ առանձնակի օգուտ չի տար աղքատ երկիրներուն, քանի որ պարէնով բեռնուած ընդամէնը երկու նաւ ժամանած է այդպիսի երկիրներ», –ըսած է ան լրագրողներուն։

«Անատոլու» գործակալութիւնն իր կողմէ կը տեղեկացնէ, որ Էրտողան մտադիր է Սամարղանտի մէջ հանդիպման ժամանակ Փութինին հետ քննարկել ռուսական արտադրութեան գիւղատնտեսական մթերքները պարէնային միջանցքով տեղափոխելու խնդրանքը։

Թուրքիոյ նախագահը վստահեցուցած է, որ եթէ նման մատակարարումներ սկսին, «բեռներու բաշխման բարենպաստ համակարգ կը ստեղծուի, այդ շարքին` դէպի ափրիկեան աղքատ երկիրներ»։

Էրտողան աւելցուցած է, որ ուժանիւթի ներկայիս իրավիճակի ֆոնին Եւրոպայի համար սպասուող ձմեռը հեշտ պիտի չըլլայ, եւ այն ստիպուած մեծ ծախսեր պիտի ընէ։ Էրտողան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Թուրքիան կազի խնդիր պէտք չէ ունենայ, ան Ռուսիայէն զեղչ կ'ակնկալէ:

Աւելի վաղ` Վլատիվոսթոքի մէջ Արեւելեան տնտեսական համաժողովին ելոյթ ունենալով, Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ Ուքրանիայէն գրեթէ ողջ հացահատիկը ուղարկուած է ոչ թէ աղքատ երկիրներ, այլ ԵՄ։ Ան առաջարկած էր սահմանափակել հացահատիկի դուրսբերման ուղղութիւնները (որու մեխանիզմը մշակուած էր Թուրքիոյ նախագահի հետ)` ըսելով, որ այդ հարցով անպայման պիտի խորհրդակցի Էրտողանի հետ։