Թուրքիան կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ շարժիչներ արտադրել F-16 կործանիչներու համար, որ օգտագործէ իր օդանաւներուն մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով արեւմտեան լրատուամիջոցներուն:
Ըստ հրապարակման`Թուրքիան կ՚ուզէ շարժիչներու մատակարարումներ ապահովել թրքական հինգերորդ սերունդի TAI KAAN մարտական օդանաւի շահագործման սկզբնական փուլի համար:
«Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն թոյլտւութիւն խնդրած է F-16 օդանաւներուն մէջ օգտագործուող GE Aerospace շարժիչներու համատեղ արտադրութեան համար՝ սեփական կործանիչներու վրայ կիրառելու նպատակով», -ըսուած է յօդուածին մէջ:
Անգարան կ՚ուզէ F110 շարժիչները KAAN օդանաւներուն մէջ օգտագործել այնքան ժամանակ, քանի դեռ սեփական արտադրութեան շարժիչներ չէ մշակած:
Նշուած է, որ KAAN օդանաւի առաջին թռիչքը նախատեսուած է 2024 թուականի յունուարին։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը յայտարարած էր, որ KAAN մարտական օդանաւը բանակի սպառազինութեան մէջ պիտի մտնէ 2032 թուականէն ոչ ուշ: