Թուրքիան ռազմակայան պիտի կառուցէ Կիանճայի (Գանձակ) մէջ։ Այս մասին կը յայտնեն Պոլսոյ @wargonzo նախագիծի աղբիւրները:
«Մեր տեղեկութիւններով՝ Անգարան քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնման քօղի տակ արդէն սկսած է ռազմական եւ ռազմավարական կառոյցի կառուցումը:
Էրտողան բաւականաչափ գոհ չէ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի արդիւնքներէն, եւ յատկապէս գոհ չէ, ի տարբերութիւն թուրք զինուորականներուն, ռուս խաղաղապահներու ստացած դերին ու լիազօրութիւններուն համար:
Բացի այդ՝ ռուսերը աշխուժօրէն կը պատրաստուին Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման:
Իրերու առկայ դասաւորութեան փոխհատուցման համար, Անգարան մտադիր է Կիանճայի մէջ օդուժի կայան կառուցել: @Wargonzo-ի աղբիւրներու համաձայն՝ ուղղաթիռներէն եւ անձնակազմէն բացի, Կիանճայի մէջ կը տեղակայուին նաեւ F-16-ներ»,- կը յայտնէ «թելեկրամ»եան ալիքը: