Իրան ընդհանուր առմամբ կը փափաքի Ռուսիոյ հետ համագործակցութեամբ կառուցել ութ աթոմակայան։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Աթոմային ուժանիւթի Կազմակերպութեան նախագահ Մոհամմատ Էսլամին։
Ան յիշեցուցած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի համապատասխան արձանագրութիւն։
Էսլամիի խօսքով՝ որուն յղում կ՚ընէ Mehr գործակալութիւնը, Պուշէրի մէջ կառուցուած կայանը արդէն կը շահագործուի (կցուած է Իրանի ուժանիւթի համակարգին 2011-ին)։ Երկու կայան կը գտնուին շինարարութեան փուլի մէջ, իսկ միւս հինգը՝ ընդհանուր հինգ հազար մեկաուաթ հզօրութեամբ, նախատեսուած է կառուցել Հորմոզկան նահանգին մէջ։
Էսլամին անդրադարձած է նաեւ յունիսին Իսրայէլի յարձակումներուն ընթացքին միջուկային կեդրոններուն հասցուած վնասներուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերականգնման ձեռնարկուած միջոցառումներուն։