image

Թրքական օդանաւի կործանումը կապուած է Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանի հետ. ատրպէյճանցի ռազմական փորձագէտ

Թրքական օդանաւի կործանումը կապուած է Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանի հետ. ատրպէյճանցի ռազմական փորձագէտ

Ատրպէյճանն առաջ կը քաշէ Ռուսիոյ հնարաւոր ներգրաւուածութեան վերաբերեալ տեսութիւններ, որոնք կը մատնանշեն Վրաստանի մէջ կործանած թրքական ռազմական բեռնատար ինքնաթիռի կործանման։

Ատրպէյճանցի ռազմական փորձագէտ Ապուզեր Ապիլովը ընկերային ցանցերու մէջ գրած է՝ «Կրկին թռչուններու երա՞մ»։

Ան ակնարկած է Ղազախստանի Աքթաու քաղաքի մօտակայքը AZAL օդանաւի վթարի հետ կապուած նմանատիպ միջադէպը, որու պարագային ռուսական կողմը սկիզբը միջադէպը վերագրած էր թռչուններու հետ բախման։

«Անձամբ ես կը կարծեմ, որ այդ կամ հրթիռ է, կամ անօդաչու թռչող սարք։ 102-րդ ռազմակայանը մօտակայքն է», - գրած է փորձագէտը։

102-րդ ռազմակայանը կը վերաբերի ռուսական ռազմակայանին, որ կը գտնուի Գիւմրի քաղաքին մէջ:

Նշենք, որ Վրաստանի մէջ կործանած է թրքական ռազմական օդանաւ, որու բոլոր 20 ուղեւորները մահացած են։

Դէպքը տեղի ունեցած է նոյեմբեր 11-ի երկոյեան․ C-130 ռազմական քարկօ ինքնաթիռը օդ բարձրանալով Կեանճայի օդակայանէն Վրաստանի տարածքով կ՚ուղեւորուէր թրքական ռազմակայաններէն մէկը։ Նշուած է, որ ինքնաթիռը ռատարներէն կորսուած է։

Ինքնաթիռին մէջ տարբեր զինուորականներ եղած են՝ ենթասպայէն մինչեւ գնդապետ։ Կայ տեղեկութիւն, որ մահացածները՝ նոյեմբեր 8-ին Պաքուի զօրահանդէսին մասնակցած թրքական F-16 օդանաւի ճարտարարուեստական անձնակազմի զինծառայողներն էին։