Թուրքիոյ խորհրդարանը մէկ տարիով երկարաձգած է Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած զօրքերու տեղակայումը, որ տեղի ունեցած էր 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Ինչպէս գրած է Anadolu-ն, կառավարութեան համապատասխան միջնորդութեան երկարաձգումը պիտի սկսի 17 նոյեմբերին՝ «հրադադարի պահպանման, խախտումները կանխելու, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 44-օրեայ հակամարտութենէն ետք Թուրքիոյ շահերու արդիւնաւէտ պաշտպանութեան եւ առաջխաղացման համար»:
«Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ ստեղծուած մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնը, ուր տեղակայուած են Թուրքիոյ եւ ՌԴ-ի զինուած ուժերը, կը շարունակէ իր յաջող գործունէութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։