8 Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ քաղաքական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցեր՝ շեշտը դնելով Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Կովկասի եւ Եմէնի մէջ տիրող իրավիճակին:
Երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տեղակալներ Սետաթ Օնալը եւ Ալի Պաղըրի Քենին: