Փաշինեանը պէտք է ընդհանուր իմաստով յառաջ տանի իր կողմէ ըսուածը։ Այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործերու նախարար Հիքմեթ Չեթինը։
Նախկին նախարարը կը կարծէ, որ ներկայիս գլխաւոր խնդիրը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնումն է։ «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է ընդհանուր խաղաղութեան գան։ Տարածաշրջանային համագործակցութեան կարիք կայ՝ ընդգրկելով Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Հայաստանը, Վրաստանը, Ռուսաստանը եւ Իրանը։ Պէտք է քայլերու ձեռնարկել, որոնք այլեւս ուղղուած չեն պատերազմին, զէնքին, այլ՝ մարդոց բարօրութեանը։ Փաշինեանը պէտք է ընդհանուր իմաստով կատարէ իր կողմէ ըսուածը։ Պատերազմը աւարտած է, եւ անկէ յետոյ անհրաժեշտ է խաղաղութիւն հաստատել աւելի լաւ պայմաններով», ըսած է Չեթինը։