image

Թուրք նախարարը Ղարաբաղ զօրք ուղղարկելու մասին խօսած է

Թուրք նախարարը Ղարաբաղ զօրք ուղղարկելու մասին  խօսած է

Մէկ զօրավար եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու 35 սպայ   պիտի  ծառայեն Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման կեդրոնէն ներս, որ ստեղծուած է Ռուսաստանի հետ համատեղ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքար, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը:

«Համատեղ կեդրոնի շինարարութիւնը եւ գործարկումը աւարտէն յետոյ մեր զօրավարը եւ 35 սպաներ կը սկսին ծառայութիւնը»,- նախարարի խօսքերէն կը մէջբերէ Anadolu գործակալութիւնը:

Աքարը հաստատած է նաեւ, որ թուրք զինծառայողները, որոնք ներգրաւուած են ռուս-թրքական կեդրոնի աշխատանքներուն մէջ, արդէն մեկնած են Ատրպէյճան: