«Թուրքիան եւ Եգիպտոսը դիւանագիտական մակարդակով շփումներ սկսած են առանց որեւէ նախապայմանի», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
«Մենք Եգիպտոսի հետ շփումներ ունինք ինչպէս հետախուզական, այնպէս ալ արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով»,- ըսած է Չաւուշօղլուն Anadolu պետական լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին:
Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները ոչնչացած էին Մուհամմետ Մուրսիի տապալումէն ետք: Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողան, որ սերտ կապեր հաստատած էր Եգիպտոսի տապալուած առաջնորդ՝ Մուհամմետ Մուրսիի հետ, գործող նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթահ Ալսիսին յաճախ բռնապետ կը կոչէր: Սիսին աջակցեցաւ Թուրքիոյ մրցակիցներուն՝ Սէուտական Արապիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն (ԱՄԷ) 2017-ին Քաթարի շրջափակման գործով եւ դէմ արտայայտուեցաւ Միջերկրական ծովու արեւելեան կողմի Թուրքիոյ պահանջներուն՝ Յունաստանի հետ ծովային սահմանի մասին մրցակցող համաձայնագիր ստորագրելով:
«Կապերը անմիջապէս հաստատել հնարաւոր չէ: Անվստահութիւնը նոյնպէս նորմալ է նման իրավիճակներու մէջ: Այդ պատճառով բանակցութիւնները կ'ընթանան եւ կը շարունակուին որոշակի, ռազմավարութեան եւ ճանապարհային քարտէզի ծիրէն ներս»,- ըսած է Չաւուշօղլուն: