«Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Հոթոյեանի «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորը լոյս տեսաւ իր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, Թորոնթոյի մէջ, 2025-ին:
Գրիգոր Հոթոյեան ծնած է Հալէպ, 5 Օգոստոս 1925-ին, արմատներով՝ սասունցի: Եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ եւ տնօրէն: Երիտասարդական տարիներէն սկսեալ բանաստեղծութիւններով, յօդուածներով, պատմուածքներով եւ թղթակցութիւններով աշխատակցած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու, որոնց շարքին նաեւ Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի:
Արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատաց»-ին՝ 1984–ին, ինչպէս նաեւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, 2005-ին: 1987-էն ի վեր հրատարակած է 15 գիրքեր:
Սոյն հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած է իր դուստրը՝ Անի Հոթոյեան Ժոլի եւ անոր ամուսինը՝ Մայքըլ Ժոլի: Գիրքին կողքի նկարը պատրաստած է Մարիա Թեւեանց, իսկ գրաշարութիւնը, սրբագրութիւնն ու էջադրումը կատարած է Եփրեմ Թոքճեան:
Հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն շարք մը բանաստեղծութիւններ, հետեւեալ բաժանմունքներով. Հայրենական եւ ազգային յեղափոխական, Եղեռնի հետքերով եւ պատգամ հայութեան, Մշակութային եւ կրօնական, Սրտայոյզ խոկումներ, Սիրային խռովքներ, Մաղթանքներ եւ ձօներ:
Բժիշկ Օհան Թապաքեան իր «Փոխան յառաջաբանի»ն մէջ գրած է. «Գրիգոր Հոթոյեան գրագէտ ու արուեստագէտ մըն է, որ յաջողած է իր գրութիւններուն միջոցաւ մեր աչքերուն առջեւ դնել դէպքեր Հայ պատմութենէն ու Հայ մեծ գրագէտներու կեանքէն՝ ընթերցողը մղելով յուզուելու ու սուզուելու իր գծած տեսարաններուն ու դէպքերուն խորքը։ Իր գրականութիւնը հարազատ արտայայտութիւնն է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւորական ապրումներուն ու բիւրեղացած զգացումներուն։ Գրագէտի իր կոչումը ներքին յուզական խլրտում մըն է, որ Գրիգոր Հոթոյեան յաջողած է փոխանցել ընթերցողին։ Ան ունի գրելու ինքնուրոյն եղանակ մը ու մանաւանդ՝ նիւթերու այլազանութիւն, որ զինք կը զանազանէ ուրիշներէն։ Ան իր արձակ գրութիւններուն ու քերթուածներուն իւրաքանչիւրին մէջ իր հոգիէն առանձին շեշտ մը, խանդ մը դրած է արտաբերութիւններուն մէջ՝ դարձնելով իր գրութիւնները պարզ, սակայն անձնադրոշմ»:
Գիրքը ստանալու համար կրնաք դիմել ուղղակի հեղինակին, հետեւեալ հասցէին՝ Krikor Hotoyan, 34 Leith Hill Rd., Apt 511, North York, Ontario, Canada, M2J1Z4. կամ հեռաձայնային կապ հաստատելով հետեւեալ թիւերուն. (416) 494-1921, (416) 277-7066: