image

Թորոնթօ Հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Ծ.Վրդ. Շխրտմեանի գլխաւորութեամբ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն

   Թորոնթօ Հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Ծ.Վրդ. Շխրտմեանի գլխաւորութեամբ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն

 

Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերպ. Տ. Գարեգին ծ.վրդ. Շխրտմեանի  գլխաւորութեամբ օրերս տեղի ունեցած է Սուրբ Գրային սերտողութիւն։

 Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

 

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաքը եւ Սուրբ Գիրքի հերթական սերտողութիւնը։

Սերտողութիւնը վարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որ ներկայացուց Մարկոս Աւետարանի 3-րդ գլուխը։ Սերտողութեան աւարտին հայր սուրբ սիրով պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն, եւ հետաքրքրական ու կառուցողական մտքերու փոխանակումով երեկոյեան ուսուցողական մասը իր աւարտին հասաւ։

Ապա, յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Աննա Սղման Թուլումճեան, ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրներն ու ձեռնարկները եւ առաջնորդեց ընկերային պահը։ Երեք խումբերու բաժնուած, երիտասարդները հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցուցին կարաոքէով, եւ հաւաքը իր աւարտին հասաւ ժամը 11:00-ին։