image

Թոքաեւ. ՀԱՊԿ խաղաղապահները 10 օրուայ ընթացքին դուրս պիտի գան Ղազախստանէն

Թոքաեւ. ՀԱՊԿ խաղաղապահները 10 օրուայ ընթացքին դուրս պիտի գան Ղազախստանէն

Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը յայտարարած է, որ ՀԱՊԿ խաղաղապահներու դուրսբերումը պիտի սկսի երկու օրէն եւ պիտի տեւէ ոչ աւելի քան 10 օր։

«ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու հիմնական առաքելութիւնը յաջողութեամբ աւարտած է, երկու օրէն պիտի սկսի ՀԱՊԿ խաղաղապահներու միաւորուած խումբի փուլային դուրսբերումը, որուն գործընթացը պիտի տեւէ ոչ աւելի քան 10 օր», ըսած է ան՝ ելոյթ ունենալով խորհրդարանի անդամներուն առջեւ։