image

Թշնամին կրակած է Թաղավարդի ուղղութեամբ

Թշնամին կրակած է Թաղավարդի ուղղութեամբ

25 նոյեմբերին ժամը 11:55-ին Մարտունիի շրջանի Կարմիր շուկայ համայնքի բնակիչ Ս. Գրգորեանը ոստիկանութեան շրջանային բաժնի նոյն համայնքի բաժանմունք դիմած է այն մասին, որ նոյն օրը ժամը 11:30-ի սահմաններուն, Թաղավարդ գիւղի վարչական տարածքի «Ծմակեն տակ» կոչուող տեղամասին, «Պելառուս» քարշիչով (թրաքթոր) գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ, հակառակորդը հրաձգային զինատեսակներէն անկանոն կրակոցներ  արձակած է, որու հետեւանքով դադրեցուած է գիւղատնտեսական աշխատանքները: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնէն:

Առաւօտեան հրադադարի պահմանման ռեժիմի խախտում արձանագրուած է նաեւ Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ համայնքի ուղղութեամբ:

Ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները թիրախաւորած են խաղաղ բնակչութիւնը՝ խոչընդոտելով իրականացուող գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Ոստիկանութեան շրջանային բաժինները փաստերը հաւաքագրած ու տրամադրած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:

Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակիչներ թիրախաւորելու դէպքերը վերջին օրերուն պարբերական բնոյթ կը կրեն: Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներն ու խաղաղ բնակիչները թիրախաւորելու դէպքերը կ'արձանագրեն նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները: