Թրքական իշխանամէտ «Աքշամ» պարբերականը անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ներս շարունակուող լարուած իրավիճակին: Պարբերականը անդրադարձած է նաեւ գործընթացի վրայ «սփիւռքի ազդեցութեան», Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի վրայ պոլսահայ համայնքի գործադրած ճնշումներուն եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի՝ Աթէշեանի դէմ «կեղտոտ» գործարքի մասին:
Իշխանամէտ թերթը պնդած է, թե Փայլան, համագործակցելով հայկական սփիւռքի հետ, կ'ուզէ պատրիարքական աթոռին նստեցնել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ Չուլճեանը, որուն կը սիրեն սփիւռքի մէջ, եւ ան, ի տարբերութիւն Աթէշեանի, ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով է:
Ըստ պարբերականի, հայկական սփիւռքի հակաթուրքական տարրերը կը փորձեն իրենց ազդեցութիւնը սփռել Թուրքիոյ հայութեան վրայ եւ այդ հարցին մէջ կ'օգտագործեն Կարօ Փայլանին:
«Աքշամ» նաեւ նշած է, որ Աթէշեանը ստիպուած եղած է հրաժարական տալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն՝ պոլսահայ համայնքի ճնշման ներքոյ, եւ զիջած է պաշտօնը Գերմանիայէն ժամանած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին, որ, սակայն, ցանկալի անձ չէ թրքական պետութեան համար: