Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին իրանեան հեռուստաալիքներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է Սուրիոյ իրադրութեան:
Արաքչին յայտարարած է, որ հետախուզական եւ այլ տուեալներով ի սկզբանէ յայտնի եղած է, որ նման գործողութիւն պիտի ըլլայ, եւ Սուրիոյ բանակն ու կառավարութիւնը եւս տեղեկացուած եղած են:
«Բնական էր, որ Կազայէն, Լիբանանէն ետք այս գործողութիւնները պիտի շարունակուէին: Զարմանալին ատոնց դէմ Սուրիոյ բանակի անկարողութիւնն էր եւ գործողութիւններու արագութիւնը: Ինքը՝ Պաշշար Ասատը եւս զարմացած էր ու դժգոհ սեփական բանակի պահուածքէն»,- նշած է Արաքչին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ Սուրիոյ մէջ գործողութեան ժամանակի ընտրութեան հարցով դեր խաղցած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զբաղուածութիւնն ու Իսրայէլի հետ Իրանի առճակատումը, սակայն այդ գործողութեան յաջողութեան հիմնական գործօնը Սուրիոյ բանակն էր, որ չէ դիմադրած, մինչդեռ դիմադրութեան ուժերը, հակառակ այլ ճակատներու վրայ զբաղուածութեան, իրենց դերակատարումն ունեցած են:
Նախարարը նշած է, որ Իրանի հետագայ քաղաքականութիւնը կախուած է անկէ, թէ ինչ իշխանութիւն կը ձեւաւորուի Սուրիոյ մէջ, եւ այն ինչ դիրքորոշում կ՚որդեգրէ Իրանի ու Սուրիոյ շիաներու նկատմամբ: