image

Թրքահայը, Իսլամ Հայը Եւ Մենք

Թրքահայը, Իսլամ  Հայը   Եւ Մենք

Աւելի քան վիրաւորական է   լսել, որ Արեւմտահայաստանէն (Թուրքիայ) Հայաստան   ժամանած        եւ քրիստոնեայ  դառնալու  փափաք  յայտնած    հայերու  մկրտուելու դիմումները  մերժումի արժանացած են:  Այս թեման  նոր չէ, որ շրջանառութեան մէջ կը դրուի: Ու բնական է, որ  յառաջիկայ    ժամանակներուն  եւս    այս խնդիրը պիտի գրաւէ մեր բոլորին  ուշադրութիւնը:  Թուրքիոյ մէջ  կատարուած արագ զարգացումները, Հրանդ Տինքի   բացած ճամբան,   դէպի արմատներ վեարադառնալու      հոսանքը   պիտի դառնան մեր    ապրումներուն, մեր  առաօրեայ պայքարին մէջ խմորուղող  ընթացքներ: Քրիստոնէական հաւատքը  թուղթի կտորներով չէ: Քրիստոնէական  եկեղեցիին  մօտենալու, այդ եկեղեցիին   անդամը ըլլալու  ու անոր զինուորագրելու  իղձը  ոչ ոքի  մենաշնորհն է: Ատկէ բացի  այսօր նաեւ ժամանակն է, որ   հրապարակաւ մտածենք ու խօսինք  այս թեմաներուն շուրջ:

 Ո՞վ կը սահմանէ մարդուս Քրիստոնեայ ըլլալը, հայ ըլլալը,  առաքելական  հայ ըլլալը եւ այս  կարգավիճակները ինչքանով  նուազի կամ առաւելի   միաւորներ կրնան  տալ    մարդ արարածին: 

Ո՞վ է աւելի հայ:  Տէրսիմի մէջ    Օսմանցիի  եաթաղանին  դէմ   դնելու համար պարտադրաբար կրօնափոխ եղած   Տէրսիմցի Միհրանը    կամ   Երեւանի մէջ քրիստոնէութիւնը պարզապէս ժառանգած ու ոսկեայ խաչեր կախած   շարքային  «հաւատացեալ»ը: Ո՞վ  է  աւելի հայ ու քրիստոնեայ. Տիարպէքիր- Տիգրանակերտի մէջ     ծանր ժամանակներու      թոհուբոհէն անցած  Իսմայիլը  (որդին Անդրանիկի)  կամ  Պէյրութի ու Փարիզի      լուսաւոր տաճարներուն  առաջին շարքերը գրաւած  «նուիրեալ», «բարեգործ», «բարերար»   յորջորջուած   Ճոնին եւ  Սարգիսը:  

 

Վերջին տարիներուն  եթէ   հայութեան    ուղենիշը անոր պայքարի, անոր մեծ երազի ճամբաները   փոխուեցան  ապա  Տէրսիմէն  ու Տիարպէքիրէն, Մուշէն ու Վանէն Երեւան ժամանած  մեր եղբայրներն ու քոյրերը    եկած են այդ   ուղղութեան մասին   յիշեցնելու:

 

 Ազգային ըմբռնումները, արիւնը, տոհմի կրակն ու  աւիւնը չեն բանտարկուիր  կրօնական     պատկանելիութեան մը  մէջ:

Ցեղային խորհուրդները,  հողին վրայ մաքառած ու դիմացած   հայու արիւն կրող մեր  հարազատներուն      եզակի    ինքնութիւնը չեն սահմանուիր  թուղթի կտորներով կամ մկրտութեան   վկայագիրներով:

 

Այս մասին պէտք է մտածենք բոլորս: Պէտք է մտածենք  կարծրատիպէրէն անդին ու պէտք է մտածենք յառաջիկայ    ժամանակներուն համար:   Խնդիրը բաւական նուրբ է ու պիտի հաւատանք, որ մեր եկեղեցիները իրենց դռները պիտի անպայման բանան բոլոր անոնց առաջ, որոնք  կը փափաքին սուրբ միւռոնի օրհնութիւնը ստանալ:

 

 Սա  վերադարձող  արեւմտահայերուն  կանչն է:

Իրենց արմատներուն  վերադառնալ ուզող Տէրսիմցիներուն, Համշէնցիներոն, Մուշի ու Վանի, Տիարպէքիրի եւ Պիրէճիկի մէջ իրենց արմատները պահպանած   մեր եղբայրներուն կոչը:

 

 Հոգ չէ, որ անոնք  ուրիշ անուններով կը կոչուին ու հոգ չէ նաեւ, որ մինչեւ այս պահը անոնք  Իսլամի  Քորանը կը կարդային:

Թրքահայ ըլլան անոնք, թէ դաւանափոխ: Մոռցուած ըլլան անոնք  կամ իսլամացուած  միեւնոյնն է     անոնք հայ են    եւ    սուրբ մկրտութեան եւ սուրբ միւռոնին  արժանի:   

«Խմբագիր»