image

Թրամփի կոչը Իրանի ժողովուրդին «Վերցուցէք կառավարութիւնը»

Թրամփի կոչը Իրանի ժողովուրդին «Վերցուցէք կառավարութիւնը»

Միացեալ Նահանգերու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ներկայացուցած է Իրանի դէմ մեկնարկած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու նպատակները։

Տանըլտ Թրամփ Truth Social-ի իր էջին հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի համբերութիւնը սպառած է Իրանի հետ բանակցութիւններու հարցով։

Ուղերձին մէջ ան խոստացած է ոչնչացնել Իրանի միջուկային ու հրթիռային արդիւնաբերութիւնը եւ ռազմածովային ուժերը։

Թրամփի խօսքով՝ ռազմագործողութեան նպատակն է պաշտպանել ամերիկացի ժողովուրդը՝ վերացնելով Իրանի կողմէ անմիջական սպառնալիքները։ Ան յայտարարած է, որ Իրան երբեք չի կրնար միջուկային զէնք ունենալ։ «Մենք պիտի ոչնչացնենք անոնց հրթիռները, անոնց ռազմածովային նաւատորմը»,-ըսած է Թրամփ։

ԱՄՆ նախագահը դիմած է նաեւ Իրանի ժողովուրդին.«Երբ մենք աւարտենք, վերցուցէք կառավարութիւնը, այն ձերը պիտի ըլլայ»,- յայտարարած է Թրամփ։

Տանըլտ Թրամփ դիմած է նաեւ Իրանի Իսլամական հեղափոխութեան պահակագունդին՝ կոչ ընելով վար դնելու զէնքերը։

«Դուք պէտք է վար դնէք ձեր զէնքերը։ Ձեզի հետ արդար պիտի վարուին՝ լիակատար անձեռնմխելիութեամբ, հակառակ պրագային դուք անխուսափելիօրէն պիտի մահանաք»,-ըսած է ԱՄՆ նախագահը։

Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ շեշտած է, որ ԱՄՆ կառավարութիւնն ամէն ինչ ըրած է՝ նուազագոյնի հասցնելու կորուստները տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան անձնակազմի համար։