image

Թրամփ պիտի կարողանայ մասնակցիլ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն

Թրամփ պիտի կարողանայ մասնակցիլ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն

Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգի դատարանը վճռած է, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն։

Այս մասին յայտնած է Associated Press գործակալութիւնը։

Գործակալութեան տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի նախկին ղեկավարի անունը կը մնայ նահանգի նախնական քուէաթերթիկներու մէջ։ Դատաւորը մերժած է այն փաստարկները, թէ Թրամփի դերը Քոնկրեսի շէնքի վրայ ձեռնարկուած գրոհի մէջ կը սահմանափակէ անոր վերընտրուելու իրաւունքները:

Աւելի վաղ ընտրութիւններուն Թրամփի մասնակցութիւնը թոյլ չտալու հայցերով նմանատիպ դատավարութիւններ սկսած են Քոլորատոյի եւ Մինեսոթայի մէջ։ ԱՄՆ նախկին նախագահը դատական հայցերն անուանած է «միջամտութիւն ընտրութիւններուն»։

2021 թուականի յունուար 6-ին հանրապետական Թրամփի կողմնակիցները, որ այդ ժամանակ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարն էր, ներխուժած էին Քոնկրեսի շէնք՝ իրենց բողոքն արտայայտելով երկրի մէջ 2020 թուականի նոյեմբերին կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ։