image

ԹԻՔՔՈ-ի հայ անդամը զոհուած է Տահէշի դէմ մղուող մարտերուն

ԹԻՔՔՈ-ի  հայ  անդամը զոհուած է Տահէշի դէմ  մղուող մարտերուն

 Նուպար  Օզանեան (բուն անունով   Օրհան  Պաքիրճեան)  զոհուած է  Սուրիոյ մէջ Տահէշի դէմ մղուող մարտերուն:  Այս  մասին  տեղեկութիւնը      փոխանցուած է Սուրիոյ մէջ  Տահէշի դէմ պատերազմող քրտական ջոկատներու  մասին լուրեր տարածող  դիմատետրի կարգմը էջեր:

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Օզանեան   եղած է անդամ    Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ ԹԻՔՔՈ կազմակերպութեան (Թուրքիոյ   աշխատաւորներու    խմբաւորում):

 

   Ըստ  «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան     ան   ականներու  մասնակացած է    արցախեան  գոյամարտին, թէեւ այս մասին ստոյգ տեղեկութիւններ  չեն  փոխանցուիր:

 Ան որոշ  շրջանի մը համար   ապրած է Լիբանան: