image

Իսրայէլ հարուածած է Կազայի մեծագոյն հիւանդանոցը. Զոհուած է «Համաս»ի պատասխանատուներէն մին

Իսրայէլ հարուածած է Կազայի մեծագոյն հիւանդանոցը. Զոհուած է «Համաս»ի պատասխանատուներէն մին

Իսրայէլի զինուորականները կիրակի գիշեր հարուածած են Կազայի հարաւը գտնուող ամենամեծ հիւանդանոցը, որու հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է, կան վիրաւորներ, մեծ հրդեհ առաջացած է, յայտնած է Կազայի հատուածի առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Այս մասին գրած է Associated Press-ը:

Հարուածը հասցուած է Խան Եունիս քաղաքի Նասեր հիւանդանոցի վիրաբուժական մասնաշէնքին։ Մինչ այդ նշեալ հաստատութիւնը ծանրաբեռնուած էր զոհերով եւ վիրաւորներով, այն բանէ ետք՝ երբ Իսրայէլն անցած շաբաթ վերսկսած է ռազմական գործողութիւնները Կազայի մէջ՝ օդային հարուածներու անակնկալ ալիքով:

Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ կիրակի գիշեր տեղի ունեցած հարուածի ժամանակ զոհուածներու շարքին եղած է 16-ամեայ տղայ մը, որ երկու օր առաջ վիրահատուած էր: Սպանուած է նաեւ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի անդամ Իսմայիլ Պարհումը, որ կը բուժուէր հիւանդանոցին մէջ, ըսուած է «Համաս»-ի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հաստատած է հիւանդանոցի վրայ յարձակումը՝ ըսելով, որ հարուածն ուղղուած է այնտեղ գտնուող «Համաս»-ի զինեալին: Իսրայէլը քաղաքացիական անձանց մահուան համար մեղադրած է «Համաս»-ը, քանի որ այն կը գործէ խիտ բնակեցուած տարածքներու մէջ:

Ինչպէս Կազայի շրջակայքը գտնուող այլ բժշկական հաստատութիւնները, Նասերի հիւանդանոցը եւս վնասուած է իսրայէլեան յարձակումներու եւ հարուածներու հետեւանքով: Աւելի քան 50,000 պաղեստինցիներ զոհուած են պատերազմի ընթացքին, յայտնած է Առողջապահութեան նախարարութիւնը: