Ականջներուս չհաւատացի: Պահ մը ապշահար կանգնեցայ՝ նայելով Տիկին Մեխակին վիզին շուրջ կախուած շղթային ... եւ ապա ուղղակի պժգացի՝ լսելով անոր տուած «անձնազուհութեան» նողկալի արդարացումը: Այդ անիծեալ «քորտոնը», որ կրնար Զեփիւռին մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարան հասցնել, այժմ հանգչած էր Մեխակին հպարտ կուրծքին վրայ՝ իրականացնելու համար իր սնապարծ մարմաջը։ Ո՛չ ես, ո՛չ ալ ծնողքս կրցանք «շնորհաւոր ըլլայ» մը ըսել, ժպիտ մը կեղծել եւ կամ գաւաթ մը սուրճ հիւրասիրել։
Այս ամիս տօնեցինք մայրերու տօնը, շռայլօրէն փառաբանեցինք, գովերգեցինք անոնց սէրը, նուիրումը, հոգածութիւնը...: Ներող եղէ՛ք, եթէ ըսեմ, թէ կարելի չէ բոլոր մայրերը ի մի բերել՝ մէկ յայտարարի տակ...:
Տակաւին կը յիշեմ Հերմիկը եւ մոռցած չեմ Մեխակը...: Այո, անսակարկ սիրով օժտուած Հերմիկը, որ յիշողութեանս մէջ կը շողայ իր ոսկեա՛յ սիրով, իսկ Մեխակը՝ ոսկիի՛ անյագ սիրով...:
Շնորհաւոր Մայրերու տօն, «սեւ» օրերը պայծառացնող ոսկի մայրերուն:
Վերջերս Քարթիէ (Cartier) վաճառանիշը ոսկեայ շղթաներ արտադրեց եւ զանոնք ծանօթացուց աշխարհին, որպէս նորաձեւութեան վերջին «ճիչը»: Այս շղթաները (Cordon Cartier) տեղադրուեցան ամենէն սուղ վաճառատուներուն ցուցափեղկերուն մէջ եւ գրաւեցին երիտասարդներուն եւ հարուստ գնորդներուն ուշադրութիւնը: Իրականութեան մէջ, այս շղթաները՝ իմ ժամանակակիցներուս համար, ո՛չ մէկ նորութիւն էին, այլ ընդօրինակութիւնները մեր ճանչցած անցեալի նախշերուն։ Պատմագէտները կ'ըսեն, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. նոյնը կարելի է ըսել, երբ խօսքը կ'առնչուի նորաձեւութեան: Պատմութիւնը նաեւ կը յուշէ դէպքեր ու ապրուած փորձառութիւններ եւ անուղղակիօրէն կը մղէ մեզի որդեգրելու շարք մը սովորութիւններ: Օրինակ՝ այն Ժողովուրդները, որոնք ենթարկուած են բռնի տեղահանութեան եւ անոնք ստիպողաբար լքած են իրենց կալուածներն ու դրամատան գումարները, յետագային թղթադրամի փոխարէն ոսկի պահած են, որպէս «սեւ» օրուան ապրուստ ապահովող միջոց, դիւրին տեղափոխուող եւ չ՚արժեզրկուող հարստութիւն:
Ես ծնած եւ ապրած եմ սփիւռքի գաղթօճախներէն Լիբանանի մէջ: Ինծի համար շատ բնական երեւոյթ դարձած էր տեսնել կանայք , որոնց վիզերը եւ դաստակները կը կրէին ոսկեայ զարդեղէններ: Անոնց Նախշերը ընդհանրապէս նմանօրինակ էին, պարզապէս կը տարբերուէին իրենց կշիռով ու երկայնքով. երբեմն ալ անոնցմէ վար կախուող՝ եզրաւորուած (շրջանակուած) ոսկեայ դրամով: Յաճախ ինծի զարմանք պատճառած են այդ հաստ ապարանջաններն ու «Քորտոնները», որոնք ոչ մէկ ներդաշնակութիւն կամ առնչութիւն ունէին տիկնոջ ընդհանուր հագուստ- կապուստին եւ անոր ընթացիկ ապրելակերպին հետ, ոչ ալ վայել էին օրուան առիթին, կամ այցելուած վայրին:
Ուշագրաւ էին նաեւ անցեալի հարսանիքները, երբ կրօնական արարողութենէն ետք, տեղի կ՚ունենար հարսին ոսկեղէն զարդերով ողողելու «արարողութիւնը»: Ազգականներ եւ բարեկամներ կը հաւատային, որ ոսկին լաւագոյն նուէրն էր նոր կազմուող ընտանիքին համար, այն միտումով, որ ան ոչ միայն ժամանակին հետ չ՚ենթարկուիր մաշումի ու արժեզրկումի, այլ ան նաեւ «նեղ» օրուան լաւագոյն «նեցուկը» կրնայ հանդիսանալ: Ինչքա՜ն բարի էին այս նուէրներուն նպատակը, բայց միթէ՞ միշտ անոնք կը ծառայէին իրենց նպատակին...:
Վերջերս կը շրջագայէի նորակառոյց եւ շքեղ օդակայանի մը մէջ, երբ յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեցին ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ փայլփլող «քորտոն» շղթաները: Ակնթարթ մը բաւարար էր, որ այդ «քորտոնները» զիս փոխադրէին հեռու անցեալը՝ յուշելով երկու փշաքաղեցնող դէպքեր...:
-Սիլվա՛, սա պզտիկս՝ Արամիկը, ձեռքէս պիտի երթայ: Ի՞նչ ընելիքս շուարած եմ: Հազիւ թէ ռմբակոծումը կը սկսի, խեղճս վախէն կը ճչայ, կը փսխէ, տերեւի պէս կը դողայ...: Տե՛ս, ափ մը մնաց. աչքիս առջեւ մոմի պէս կը հալի...: Ի՜նչ կ՚ուզէ թող ըլլայ, ես այլեւս Պէյրութ չեմ մնար: Զաւակներս պիտի հաւաքեմ եւ երթամ գիւղէն
(լեռնալիբանանէն) տուն մը վարձեմ:
-Բայց Հերմի՛կ, ինչպէ՞ս պիտի ընես: Այս օրերուն գիւղէն տուն վարձելը դիւրին չէ, մանաւանդ, որ մայրաքաղաքի բնակիչները ռմբակոծումներէն պաշտպանուելու նպատակով փախած ու ապաստանած են գիւղերը... իսկ տանտէրերը՝ պատեհապաշտ վաշխառուներ դարձած, երկու նեղլիկ սենեակին համար անտրամաբանական եւ սուղ վարձք կը պահանջեն։ Ամուսինդ մէկ տարի անգործ էր... եւ տակաւին չ՚աշխատիր...:
Հերմիկը անձնազոհութեան խորհրդանիշ մըն էր. ան ոչ միայն իր ընտանիքին կարիքներուն կը հասնէր, այլ՝ դուռ-դրացիին, ծերին, անկեալին, կարիքաւորին…։ Ան ձեռներէց էր եւ հմուտ՝ ամէն ինչի: Կրնար իր բնակած շէնքին կամ դրացիներուն տան ելեկտրական թելերը միացնել, ինքնաշարժի անիւներ փոխել, կաթկթող ծորակներ նորոգել...: Աստուած անոր օժտած էր արտաքին եւ ներքին գեղեցկութեամբ, բայց մոռցած էր բախտ շնորհել անոր...:
-Սիլվա՛, գիւղէն տուն մը գտայ, վաղն ալ կը տեղափոխուինք: Չես պատկերացներ որչափ ուրախ եմ. գոնէ զաւակներս հանգիստ քուն կը քնանան: Արամիկիս համար ալ գիւղին մաքուր օդը եւ թարմ ուտելիքները (հաւկիթ, պանիր, միս...) բարի եւ կազդուրող ազդեցութիւն կ՚ունենան:
-Բայց Հերմի՛կ, ինչպէ՞ս...
-Սիլվա՛, բոլոր ոսկեղէններս ծախեցի եւ ստացած գումարովս գիւղի տան վարձքը վճարեցի: Արդէն ես ոսկեղէն հագնողը չեմ... զաւակներուս հանգիստը ինծի համար աշխարհը կ՚արժէ...:
Կոկորդս խեղդուեցաւ ու աչքերս արցունքով լեցուեցան: Փաթթուեցայ Հերմիկին, համբուրեցի ու ըսի. «Անուշի՛կս, թո՛ղ Աստուած սիրտիդ համեմատ բարիք եւ օրհնութիւն շնորհէ...»:
Երկրորդ դէպքին տիպարը Տիկին Մեխակն է։
-Ամա՛ն, ճանը՛մ, սա՛ դպրոցական վճարումները վերջ չունին: Ամէն օր թուղթ մը կը ղրկեն եւ դրամ կ՚ուզեն: Օր մը կրթաթոշակ, օր մը «օթօքար», օր մը գիրք, օր մը հանդէսի տարազ... «պըխմըշ» եղայ( զզուեցայ): Կարծես չի բաւեր քաղաքին մէջ եղած սղութիւնը եւ անգործութիւնը, վրան ալ ամէն օր դպրոցին դրամ հասցուր: Մեր վիճակէն հասկցող չիկայ...:
Այս նոյն յանկերգը ամէն օր կը լսէինք, սակայն ո՛չ մէկը կը պատկերացնէր, որ Տիկին Մեխակը նման քայլի մը կը դիմէ եւ իր աղջիկը՝ Զեփիւռը դպրոցէն կը հանէ: Զեփիւռը շատ գեղեցիկ, քաղաքավար եւ յառաջադէմ աշակերտուհի էր: Ան յաճախ կ՚արժանանար իր յաճախած վարժարանին տնօրինութեան եւ ուսուցչական կազմին գնահատական խօսքերուն ու մրցանակներուն:
-Ի՞նչ ընենք ճանըմ, դրամ չիկայ, թո՛ղ տունը նստի՝ ինծի օգնէ...:
Խեղճ Զեփիւռը այլընտրանք չունէր, հետեւաբար լուռ ու մունջ հնազանդեցաւ իր մօրը: Իր դպրոցական տարազը փոխարինուեցաւ խոհանոցի գոգնոցով, իսկ գիրքերն ու պայուսակը՝ լուացքի տաշտերով: Զեփիւռին գեղեցկութիւնը շատ արագ նահանջեց. անոր ժպիտը խամրեցաւ, դէմքին ու աչքերուն փայլքը մթագնեցաւ...: Ան հազուադէպ տունէն դուրս կ՚ելլէր կամ թաղի ընկերուհիներուն հետ որեւէ կապ կը հաստատէր: Իր խոզակին մէջ քաշուած՝ թրթուրի նման լուր եւ ինքնամփոփ դարձաւ:
Վերամուտէն երեք ամիս ետք՝ նոր տարուան շեմին, Տիկին Մեխակը յայտնուեցաւ մեր տան սեմին:
-«Մապրուք» ըսէ՛ք, «մապրուք» (շնորհաւորեցէ՛ք):
Վերջապէս գլուխ հանեցի: Երազս էր, որ ունեցած «քորտոն» շղթաս «տուպլ ընեմ» ( երկայնքը կրկնապատկեմ) եւ սանկ վիզիս եւ կուրծքիս շուրջ երկու անգամ դարձնեմ։ Ղուռուշ- ղուռուշ հաւաքեցի, «էքոնոմի» (խնայողութիւն) ըրի, քիչ մը հոստեղէն կտրեցի քիչ մը հոնտեղէն զեղչեցի եւ վերջապէս հասայ մուրազիս (ցանկութեանս): Ըսեմ որ արդէն աս ունեցած ոսկիներս՝ զաւակներուս ապագային համա՛ր են: Իմ բոլոր զոհողութիւններս ինչո՞ւ են, որպէսզի զաւակներուս օգտակար դառնամ:
Ականջներուս չհաւատացի: Պահ մը ապշահար կանգնեցայ՝ նայելով Տիկին Մեխակին վիզին շուրջ կախուած շղթային ... եւ ապա ուղղակի պժգացի՝ լսելով անոր տուած «անձնազուհութեան» նողկալի արդարացումը: Այդ անիծեալ «քորտոնը», որ կրնար Զեփիւռին մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարան հասցնել, այժմ հանգչած էր Մեխակին հպարտ կուրծքին վրայ՝ իրականացնելու համար իր սնապարծ մարմաջը։ Ո՛չ ես, ո՛չ ալ ծնողքս կրցանք «շնորհաւոր ըլլայ» մը ըսել, ժպիտ մը կեղծել եւ կամ գաւաթ մը սուրճ հիւրասիրել։
Այս ամիս տօնեցինք մայրերու տօնը, շռայլօրէն փառաբանեցինք, գովերգեցինք անոնց սէրը, նուիրումը, հոգածութիւնը...: Ներող եղէ՛ք, եթէ ըսեմ, թէ կարելի չէ բոլոր մայրերը ի մի բերել՝ մէկ յայտարարի տակ...:
Տակաւին կը յիշեմ Հերմիկը եւ մոռցած չեմ Մեխակը...: Այո, անսակարկ սիրով օժտուած Հերմիկը, որ յիշողութեանս մէջ կը շողայ իր ոսկեա՛յ սիրով, իսկ Մեխակը՝ ոսկիի՛ անյագ սիրով...:
Շնորհաւոր Մայրերու տօն, «սեւ» օրերը պայծառացնող ոսկի մայրերուն: