Օրերս, Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Փարաճանովին նուիրուած յոբելինական երեկոյթ մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Դեկտեմբեր 2-ին, Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Փարաճանովին նուիրուած յոբելինական երեկոյթ մը, որուն մասնակցած է Հայաստանի «Հենրիկ Իգիթեան» գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Վահան Բադալեանի «Փոքր թատրոնը»։ Ներկայ եղած են Վրաստանի պետութեան ներկայացուցիչներ, դեսպաններ և դիւանագէտներ, վիրահայ համայնքի անդամներ։
Թատրոնի դերասանները Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին բնազարդերուն վրայ կեդրոնանալով ներկայացած են «շնչող արուեստի» կատարումներով։ Բեմականացումը զուգորդուած է հռչակաւոր բեմադիրի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէսով։
Հանդիսութեան ելոյթ ունեցած է դեսպան Աշոտ Սմբատեան, անդրադառնալով հայ ու վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ Փարաճանովի կամրջող դերին, շեշտելով նաեւ անոր ստեղծագործութիւններու համամարդկային, արդիական եւ բացառիկ բնոյթը: