Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Իրան կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ծիրին մէջ, փոխադարձաբար հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ շարք մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար Մոհամմետ Ռեզա Ղարայի Աշթիանիի հետ հանդիպման ընթացքին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ներկայի ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ, վերահաստատած իրենց դիրքորոշումները` Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման վերաբերեալ:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամմետ Ռեզա Ղարայի Աշթիանին Պապիկեանին հետ հանդիպման ըսած է, որ հարեւանների հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումն Իրանի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներէն է։
«Հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս Հայաստանը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Իրանի համար։ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները միշտ զարգացած են»,- նշած է պաշտօնեան։
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Աշթիանին շեշտած է, որ Իրանի դիրքորոշումը կայուն եւ համապարփակ խաղաղութեան աջակցիլն է։
«Իրանի դիրքորոշումը տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեանն ու իրենց ամբողջ տարածքի նկատմամբ ազգային ինքնիշխանութեան աջակցութիւնն ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութիւնն է։ Մենք կ՚աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններուն, շփումներուն եւ կայուն խաղաղութեան եւ կը համարենք, որ այդ Կովկասի զարգացման համար հիմքեր կը ստեղծէ»,-ըսած է Աշթիանին։
Ան հերթական անգամ ընդգծած է, որ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը պէտք է նախագծեն տարածաշրջանի երկիրները: Իրանցի պաշտօնեայի խօսքով՝ Կովկասը պէտք չէ վերածուի «տէրութիւններու մրցակցութեան հարթակի»: