image

Թեհրանի մէջ. Նշուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 90-րդ տարեդարձը

Թեհրանի մէջ. Նշուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 90-րդ տարեդարձը

 Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, այս առթիւ հրապարակուած  լրատւութիւնը, «Ալիք»ին եւ «Ալիքական»ներուն մաղթելով ուժ եւ կորով շարունակել  իրենց առաքելութիւնը, մեր դժուարին եւ տարբեր իմաստներով ալ «հակա-մամուլ»եան օրերուն։

 

 Հայ մամուլի երախտաւոր անուններէն համարուող «Ալիք»ը այս տարի բոլորեց իր հիմնադրութեան  90-րդ տարեդարձը։

 

 Այդ առթիւ ալ  օրերս  Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ միջոցառում, որուն ընթացքին արժանաւորապէս նշուեցաւ  «ալեհեր», բայց միշտ նոր եռանդ հաղորդող  պարբերականին ծննդեան տօնը։

Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, այս առթիւ հրապարակուած  լրատւութիւնը, «Ալիք»ին եւ «Ալիքական»ներուն մաղթելով ուժ եւ կորով շարունակել  իրենց առաքելութիւնը, մեր դժուարին եւ տարբեր իմաստներով ալ «հակա-մամուլ»եան օրերուն։

 

Հինգշաբթի, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան, «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահէն ներս իրանահայ եռեակ թեմերու հոգեւոր ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ «Ալիք»-ը իրենց օջախներուն մէջ վառ պահող հայրենակիցներու խրախուսիչ ներկայութեամբ նշուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 90-ամեակը:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պետական հիմներգով մեկնարկուեցաւ միջոցառումը, ապա ներկաները մէկ րոպէ յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու, «Ալիք»-ի հիմնադիրներու, «Ալիք»-ի 90-ամեայ ընտանիքի եւ նորոգ հանգուցեալ եւ նախկին խմբագիր՝ Նորայր Էլսայեանի, նախկին արտօնատէր՝ Ռոստոմ Ստեփանեանի եւ ազգային-հասարակական գործիչ՝ Եղիշ Գալստեանի յիշատակը: Երեկոն զուգորդուած էր «Ալիք»-ի 90-ամեայ անցած ուղին խորհրդանշող տեսաերիզի ցուցադրութեամբ, ուր ներառուած էր նաեւ ուղերձներ եւ խօսքեր, ինչպէս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Վիգէն Բաղումեանի, «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր՝ Ալպերթ Աճէմեանի եւ նախկին խմբագիր՝ Սեդա Դաւթեանի:

Միջոցառումը կը պարունակէր դասախօսութիւն, խօսքեր եւ ուղերձներու ընթերցում:

Օրուայ հաղորդավար Արտոյտ Զօհրապեան ընթերցելով բանաստեղծ Վարանդի, «Ալիք»-ին ձօնած բանաստեղծութիւնը, բեմ հրաւիրեց «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Դերենիկ Մելիքեանը, որ իր խօսքերու առանցքին երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց 90-ամեայ գոյութեամբ պայմանաւորուած եղած է «Ալիք»-ի գոյութիւնն ու յարատեւութիւնը:

Հանդիսութեան նաեւ, որպէս օրուայ բանախօս ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան: Իր ելոյթի ընթացքին թեմակալ առաջնորդը անդրադառնալով աշխարհի մամուլի պատմութեան, կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ մամուլի պատմականը ու առաքելութիւնը: Սրբազան Հայրը իր ելոյթը այսպէս սկսաւ. «Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ յաջողութեան բիւրապատիկ մաղթանքներով կ'ողջունեմ Իրանի երկնակամարի ներքոյ ծնած, աճած, հայ մամուլի նահապետը հանդիսացող «Ալիք» օրաթերթն ու «Ալիք»-ի ողջ ընտանիքը, որ իր ինքնուրոյն ու իւրայատուկ ծառայութեամբ եւ գիտակից իր կոչումին ու առաքելութեան, գործած է ու կը գործէ եւ դեռ շատ երկար տարիներ պիտի գործէ, հանդիսանալով ոչ միայն հասարակական յարաբերութիւններու կեանքի հայելին, այլ նաեւ գաղութի մտաւորական կեանքի զարգացման գաղափարական աշխատանքը ձեւաւորողը: Այո՛, հայ մամուլի կոչումին հաւատարիմ «Ալիք»-ը հանրային կարծիքի ձեւաւորման ու կազմաւորման մէջ իր անուրանալի դերը ունեցած է եւ ունի»:

Սրբազան Հայրը ընդգծեց. «Էական ու հրատապ կոչում է հայ մամուլի մարդակերտումի, ազգակերտումի, ազգապահպանման նուիրական գիտակցութեամբ գործելը, որպէսզի իրանահայ մարդը դարձնէ ընկերասէր, այլասէր, հասարակութեան սպասաւոր, անկէ հեռու վանելով այլամերժութեան ամէն տեսակի երեւոյթ եւ ինչու չէ նաեւ զգացում:

Հայ մամուլը կոչուած է ըլլալու կեանքի հայելի, իր ընթերցողներու կեանքի ռահվիրան, ի խնդիր հաւատարիմ քաղաքացիի պատրաստութեան եւ գիտակից, պայծառատես ու ապագայատեսիլ երիտասարդութեան պատրաստութեան»:

Բանախօսը նշեց. ««Ալիք» օրաթերթը իրանահայ եւ յատկապէս թեհրանահայ կեանքին մէջ եղաւ, է եւ պիտի մնայ, որպէս մի դպրոց, աւելին՝ իբրեւ մի դարբնոց, որ իր բիւրեղ ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ ջանաց իր ընտանիքի զաւակներու աչքերը միշտ յառած պահել Արարատին ու քառագագաթ Արագածին, որու կատարէն անպարան կախուած Լուսաւորիչի կանթեղը հաւատքի ու յոյսի ճառագայթներով կը պայծառացնէ մեր ժողովուրդի կեանքը»:

Թեմակալ առաջնորդի ելոյթէն յետոյ, հրաւիրուեցաւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Արամ Շահնազարեան: Ան անդրադառնալով «Ալիք»-ի գաղափարախօսական հենքին եւ ՀՅԴ-ի համար, մամուլի զբաղեցուցած ուրոյն դերին ու դիրքին ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան համար միշտ ուրոյն տեղ ունեցած է մամուլը եւ Դաշնակցութիւնը միշտ ուրոյն նշանակութիւն տուած է մամուլին:

Մինչ այդ, սակայն, միջոցառման յաջորդաբար ընթերցուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, Իրանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արսէն Աւագեանի, Իսլամական խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր՝ Արա Շահվերտեանի եւ իրանահայ մտաւորական Լիտա Պէրպէրեանի, նաեւ հայաշխարհի մամուլէն ու զանգուածային լրատուամիջոցներէն շնորհաւորական ուղերձները: Ուղերձներ յղած էին նաեւ՝ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ՝ «Դրօշակ»-ը, «Երկիր» կայքէջը, «Ապառաժ»-ը Արցախէն, «Հորիզոն» շաթաբաթերթը Գանատայէն, «Վանայ Ձայն»-ը Լիբանանէն, «Ազդակ» օրաթերթը Լիբանանէն, «Գանձասար» թերթը Հալէպէն եւ Հայաստանի «Ժուռնալիստներու միութեան» նախագահը:  Ընթերցուեցան բազմաթիւ ուղերձներ՝ Լոռեթա Ղեւոնդեանի, Վանէ Մակարեանի եւ Էմիլ Սէթխանեանի միջոցով:

Նշենք, որ «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին կից նախասրահին մէջ կազմակերպուած էր «Ալիք»-ի 90-ամեակը խորհրդանշող ցուցահանդէս: