Ռուսիան պէտք է գիտնայ, որ հարեւաններու հետ Իրանի համագործակցութիւնը կախուած է Իրանի ժողովուրդի կարմիր գիծերու, այդ շարքին՝ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումէն, ըսած է Իրանի խորհրդարանի նախագահը։
Իրանի խորհրդարանը կտրականապէս կը մերժէ Պարսից ծոցին մէջ իրանեան երեք կղզիի վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Պարսից ծոցի արաբական երկիրներու միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան նախարարական հանդիպումէն բխած համատեղ յայտարարութեան բովանդակութիւնը, 16 յուլիսին յայտարարած է Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆը, գրած է mehrnews.com-ը։
Խօսքը փաստաթուղթին մէջ նշուած Պարսից ծոցի երեք կղզիի մասին է, որոնց տարածքային պատկանելութիւնը Իրանին վիճարկած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։
Իրանի փոխգործակցութիւնը բոլոր օրինական կառավարութիւններու հետ հիմնուած է ազգային շահերու վրայ, ինչպէս նաեւ պատուի, նպատակայարմարութեան եւ իմաստութեան երեք սկզբունքներու համապատասխանութեան վրայ, ըսած է Ղալիպաֆը:
Այնուամենայնիւ, Ռուսիան պէտք է գիտնայ, որ հարեւաններու հետ Իրանի համագործակցութիւնը կախուած է Իրանի ժողովուրդի կարմիր գիծերու յարգումէն, ներառեալ Պարսից ծոցի երեք կղզիներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, յիշեցուցած է ան։
«Իրանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանուած է հարիւր հազարաւոր իրանցի նահատակներու զոհաբերութեամբ, եւ մենք այս հարցով որեւէ կողմի հետ փոխզիջումներու չենք երթար»,- նշած է Ղալիպաֆը։
Նշելով, որ Ռուսիան ինքը Արեւմուտքի եւ ՆԱԹՕ-ի աշխարհաքաղաքական ծաւալապաշտականութեան զոհն է, Ղալիպաֆը շեշտած է, որ Մոսկուան պէտք չէ օգնէ Արեւմուտքին ապակայունացնել Պարսից ծոցի տարածաշրջանը։