image

The Economist-ը յայտնած է 2023-ի «տարուան երկիրը»

The Economist-ը յայտնած է 2023-ի «տարուան երկիրը»

Յունաստանը դարձած է «տարուան երկիր»՝ ըստ բրիտանական The Economist ամսագրի՝ տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման համար։

«Մեր յաղթողը Յունաստանն է, տասը տարի առաջ այն կաթուածահար եղած էր պարտքային ճգնաժամի պատճառով եւ ծաղրի կ՚ենթարկուէր Ուոլ Սթրիթի մէջ: Երկրի եկամուտները նուազած էին, իսկ քաղաքականութեան մէջ շատցած էին աջակողմեան ու ձախակողմեան ծայրայեղական կուսակցութիւնները։ Սակայն տարիներ շարունակ տեւած ծանր վերակազմաւորումէն ետք Յունաստանը 2023 թուականին գլխաւորած է աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու տնտեսութիւններու մեր ամէնամեայ ցուցակը»,- գրած է հրատարակութիւնը։

Պարբերականը նշած է, որ յուլիսին վերընտրուած Յունաստանի աջակողմեան կեդրոնամէտ կառավարութիւնը կը վարէ ամերիկամէտ եւ եւրոպամէտ արտաքին քաղաքականութիւն եւ զգուշաւոր է Ռուսիոյ նկատմամբ։

The Economist-ը կարեւորած է նաեւ Լեհաստանն ու Պրազիլը։ Յատկանշական է, որ Պրազիլը «տարուան երկիր» չէ ընտրուած գործող նախագահի՝ Ռուսիոյ եւ Վենեզուելայի առաջնորդներ Վլատիմիր Փութինի եւ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ «սիրախաղ ընելու» սովորութեան պատճառով։

Աւելի քան մէկ տասնամեակ առաջ Յունաստանը բախած էր լուրջ տնտեսական խնդիրներու՝ համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամի պատճառով։ Եւրոպական գօտիի երկրի տնտեսութիւնը փրկելու համար Եւրոպական Միութեան իշխանութիւնները սկսած են անոր նիւթական աջակցութիւն տրամադրել՝ բարեփոխումներու ծրագրի դիմաց։