image

Թատմորէն Երեւան Ու Ապա` Շուէտ… Բաբգէն Գրիգորեանի Պատմութիւնը

Թատմորէն Երեւան Ու Ապա`  Շուէտ… Բաբգէն Գրիգորեանի Պատմութիւնը

Թատմոր ծնած եւ մեծցած Բաբգէն Գրիգորեանը կը պատմէ իր ընտանիքի` Թատմոր հաստատուելու պատմութիւնը, որ սկիզբ առած էր Արեւմտեան Հայաստանէն եւ արկածալից ուղեւորութեամբ հասած  Սուրիա,  Թատմոր:

Ան կը պատմէ, որ իր հայրը՝  Արթինը, սասունցի էր, գաղթականութեան շրջանին մեծ հօր՝ Հրանդին սպանութենէն ետք, մեծ մայրը իր ամուսնու եղբօր խորհուրդով կը ստիպուի տան կովը էշով մը փոխանակել եւ զաւակներուն՝ 5 տարեկան տղուն եւ 2 տարեկան աղջկան հետ միասին ուղղուիլ անյայտութեան ճանապարհով, դէպի Սուրիոյ անապատները: Ամուսին կորսնցուցած եւ տուն-տեղ թողած Բաբգէնի մեծ մօր տառապանքը կարծես բաւարար չէր, գաղթականութեան ճանապարհին զաւակ չունեցող պէտէվի արաբ մը ձիու վրայ կը փախցնէ անոր որդուն՝ Արթինին. անոր մօր` ձիուն ետեւէն հասնելու ճիգերը կը ձախողին, վազքի ընթացքին Բաբգէնի հայրը արաբի ձիուն վրայէն կը նկատէ ձիուն ետեւէն վազող իր ուժասպառ մօր շնչահեղձ գետին իյնալը եւ կը կարծէ, որ ան մահացաւ: «Այս պատկերն էր, որ շատ վառ տպաւորուած էր հօրս յիշողութեան մէջ»,- կը պատմէ Բաբգէնը:

Բաբգէնի հայրը՝ Արթին, այսպիսով մօրն ու քրոջը հետքը վերջնականապէս կորսնցուցած կ'ըլլալ:

Բաբգէն, յիշելով որբ մնացած հօրմէն լսած դէպքերը, կը պատմէ, որ ժամանակ մը ետք, իր հայրը զինք բռնի որդեգրող ընտանիքին հետ Տէր-Զօր անցած է, մինչեւ 11 տարեկան մնացած է արաբ պետեվիներուն մօտ,  4-5 հորթ  ունեցած է, հովիւութեամբ զբաղուած է եւ ետքը այդ ցեղախումբին ընկերակցելով եկած եւ կայք հաստատած է Թատմոր:

«Թատմորի մէջ ակ մը կար, ուր ուղտերը ջուր խմցնելու կը տանէին, հոն կը լուացուէին: Հայրս իր արտաքին տեսքով կը տարբերուէր Թատմորի արաբներէն, անոր` կապուտաչեայ եւ սպիտակամորթ ըլլալը պատճառ կը դառնայ, որ օտարական թատմորցիի մը աչքին զառնէ պետեվիի շորերով հայրս՝ Արթինը»,- մանրամասնօրէն պատմելով, Բաբգէն կը շարունակէ. «Երբ օտարականը  կը հարցնէ հօրս, թէ ինք հա՞յ է», հայրս վախնալով որ զինք հայ ըլլալուն համար կրնան մորթել, կ'ուրանայ հայութիւնը եւ կը հաստատէ, որ ինք արաբ է, տալով զինք բռնի որդեգրողին անունը: Թատմորցի մարդը,  ծանօթ ըլլալով իրենց քով հասած հայերու մտավախութիւններուն,  կը փորձէ հանգստացնել հօրս, որ ինք թուրք չէ, որ այստեղ բոլորը արաբներ են եւ անոր կը տեղեկացնէ, որ Թատմորի մէջ շատ հայեր կան, տալով քանի մը հոգիի  անունները՝ Եուսէֆը, Ուաննէսը, հացպան Սաֆարը եւ ուրիշներ»: Ինչպէս կը պատմէ Բաբգէն, հայրը՝ 11-ամեայ Արթինը երկմտանքի մէջ կ'իյնայ, թէ արդեօ՞ք իր մայրն ու քոյրն ալ հոն են, վերջապէս կ'որոշէ, կը ձգէ ուղտերը առանձին յառաջանան եւ ինք կ'ուղղուի դէպի Թատմորի այն փուռը, որուն մասին արաբ անծանօթ մարդը խօսած էր, եւ որու տէրը Սաֆար անունով բարի հայն էր: Արթին, երբ կը մօտենայ փուռի պատուհանին, ամմօ Սաֆար, նկատելով զինք արաբի տարազով հայու դէմք ունենալը, կը հարցնէ թէ ինք հա՞յ է, Բաբգէնի հայրը դրական պատասխան կու տայ, ըսելով որ ինք կը փնտռէ իր մօրն ու քրոջը: Սաֆար հուզուած աչքերով կ'ըսէ Արթինին. «Եկուր մտիր տղաս, մայրդ ալ հոս է մեծ մայրդ ալ, բոլորն ալ հոս են»  եւ իր ընտանիքին անդամ կը դարձնէ Արթինը: Բաբգէն, դրուատելով Ամմօ Սաֆարի սրտի բարութիւը, կը պատմէ, որ ան իր հօրմէն բացի որդեգրած էր նաեւ ուրիշ 3 հայ որբեր, չնայած որ ինք 2 զաւակի տէր էր արդէն:

«Սաֆարի կինը կը լոգցնէ հօրս ու նոր լաթեր կը հագցնէ, ու հայրս կը սկսի աշխատիլ փուռին մէջ:  Մինչեւ 18 տարեկան կը մնայ Սաֆարի ընտանիքի մօտ եւ 1923-24թ.  կը զինուորագրուի ֆրանսական բանակին մէջ»:

Այնուհետեւ, Բաբգէն հակիրճ ներկայացնելով մօրական կողմի պատմութիւնը, թէ անոնք ինչպէս հասած էին Թատմոր, կ'ըսէ «Մօրս հայրը նոյնպէս Թատմոր եկած էր: Ան բազմանդամ ընտանիքի զաւակ եղած էր, եօթը եղբայր, երեք քոյր ունէր: Տասնվեց տարի Թուրքիոյ մէջ զինուորութիւն ընելէն ետք, տուն վերադառնալով, գտած էր միայն իր մօրն ու քրոջը,  մնացածը ամէն մեռած էին»,- կը պատմէ Բաբգէն թաց աչքերով:

Եւ այսպիսով, Բաբգէնի հայրը՝  Արթին Գրիգորեան եւ մայրը՝ Ովսաննա Այվազեան, Թատմորի մէջ ընտանիք կազմած են, զաւակներ ունեցած եւ անցուցած իրենց ամբողջ կեանքը:

Բաբգէնի մայրը՝ Ովսաննա Այվազեան Ֆրանսայէն եկած հայ բժշկուհի  մը դայակութիւն սորուած էր ու տարիներ դայակութիւն ըրած էր Թատմորի մէջ, քաղաքին բոլոր ծնունդները ինք ըրած է, անոր համար զինք շատ կը սիրէին եւ կը յարգէին, անոր տալով «Հապպապէ» կոչումը, կը պատմէ Բաբգէն, յիշելով  1986ին պատահած դէպք մը, երբ Ֆրանսայէն խումբ մը եկած էր Թատմոր եւ տեսնելով, որ այնտեղ եկեղեցի կայ, հարցուցած են, թէ արդեօ՞ք հայեր ալ կան: Եւ այսպիսով անոնք հանդիպած էին Բաբգէնի հօր հետ եւ լսելով անոր պատմութիւնը ձայնագրած, նկարած ու վաւերագրած էին զայն:  Բաբգէն կը պատմէ, որ այդ ֆրանսացիները մտահոգուած են, թէ ինչպէս հայեր կրնան արաբ իսլամներու մէջ ապրիլ, ենթադրելով, որ անոնք ճնշուած են. «Անոնց կասկածները շուտով փարատեցան իրիկուան»,- կը պատմէ Բաբգէն, ըսելով. «Երբ հրաւիրած էին մեզի իրենց մօտ պանդոկ, այնտեղ գտնուող  շէյխը վճարած էր սեղանին հաշիւը, ֆրանսացիները երբ զարմացած, հարցուցած են պատճառը, ան պատասխանած էր. «Ովսաննան մեր բոլորին մայրն է, ուր որ նստի մենք պարտաւոր ենք զինք յարգել»:  Այս մէկը բաւարար էր, որ անոնք հասկնային մեր որքան յարգուած ըլլալը»,- կը պատմէ Բաբգէն: Այս ամբողջը` նախքան Սուրիոյ պատերազմը:

 

             Սուրիոյ պատերազմէն ետք

 

Ինչպէս կը տեղեկանանք պրն. Գրիգորեանէն, Մեծ Եղեռնէն ետք Թատմորի մէջ հաստատուած են 40 հայ ընտանիքներ, որոնք արհեստներու տէր եղած են՝ կալայող, երկաթագործ, լուսանկարիչ եւ այլն:  Երբ Սուրիան անկախութիւն ստացաւ, բոլորը աստիճանաբար հեռացան:  «Հայութեան թիւը Թատմորի մէջ աստիճանաբար նօսրացած է, անոնցմէ 5-6 ընտանիք 1943-ին, երբ ֆրանսացիները դուրս եկած են, իրենք ալ անոնց միանալով հեռացած են, աւելի ուշ՝ 1945-ին մօտ 20 ընտանիք  Հայաստան ներգաղթած են եւ այսպիսով աստիճանաբար լքելով մինչեւ նախորդ տասը տարիները, երբեմնի 40 ընտանիք հաշուող հայ գաղութէն մնացած է միայն 3 ընտանիք, իմ եւ երկու եղբայրներուս ընտանիքները»,- կը փոխանցէ պրն. Բաբգէնը:

 

Անդրադառնալով ԻՊ-ի («Իսլամական պետութիւն») կողմէ Թատմորի գրաւման եղելութեան, Բաբգէն կը բացատրէ, որ իրենք արդէն  անցնող Մայիսի վերջին տեղի ունեցած դէպքերէն մտահոգ էին, կը լսէին, թէ ԻՊ մօտեցած է Տէր-Զօրին, շատեր տեսած էին անոնց մեքենաները: «Թատմորի մէջ մօտ 1500 զինուոր հաշուող բանակ կար շրջանը պաշտպանող»,- կը փոխանցէ ան:

Պատմելով ԻՊ-ի` Թատմոր ներխուժման մասին, ան կ'ըսէ. «Երբ ԻՊ մօտեցաւ Թատմորին, անոնք գիշերը 25 մեքենայ լեցուն զինեալներով եկան Րամատիէն (Իրաք) Րաքքա, անկէ Թատմոր, եւ հրաման ունէին մտնել Թատմոր, քաղաքի մուտքին գտնուող առաջին անցարգելը անակնկալ եւ գաղտագողի ձեւով անցան, սպաննելով զինուորները, երկրորդ անցարգելին մէջ իրարանցում ստեղծուեցաւ, եւ անոնք յաջողեցան ներս մտնել»: Ան նաեւ  կը պատմէ, թէ ինչպիսի վայրագութիւններ  ըրաւ  ԻՊ-ը Թատմորի մէջ:  Նախ` սպաներուն շէնքը մտնելով մորթած եւ սպաննած են սպաներուն ընտանիքները, մօտ 40 հոգի, չխնայելով ո'չ մեծ, ո'չ փոքր: «Գրաւեցին քաղաքի մուտքը գտնուող թանգարանի շէնքը  եւ երկար ժամանակ իրենց մօտ  առեւանգուած  պահելէ ետք մորթեցին  թանգարանի տնօրէն Խալէտ Էլ Ասհատը, որ մերժած էր իրենց տեղեկութիւններ տալ քաղաքի եւ պահուած հնութիւններու մասին»: Պրն. Բաբգէն ափսոսանքով կը խօսի   Ասհատի   սպաննութեան  մասին, նշելով, որ ան նշանաւոր գիտնական էր,  եւ միակ անձն էր, որ գիտէր Թատմորի բարբառը եւ շատ բան գիտէր, յատկապէս թանգարանի արժէքաւոր հնութիւններուն մասին:

Ան   նաեւ կը յայտնէ, որ ԻՊ-ը, տարածուելով  քաղաքին մէջ, առաջին օրը մորթած էր մօտ 400 հոգի, որոնք ընդհանրապէս կառավարութեան պաշտօնեաներ, հիւանդապահուհիներ էին:

Ան յայտնեց, որ ԻՊ-ի տարածած տեսաերիզին մէջ, ուր ցոյց կը տրուի ԻՊ-ի կողմէ մօտ 25 երիտասարդի սպաննութիւնը, ուր իւրաքանչիւրի գլուխը կտրուած, կուրծքին վրայ դրուած է, եղած են իր երկու ծանօթները:

Պատմելով իր  զաւակին  եւ եղբայրներուն հրաշքով փրկուելուն  մասին` ան ըսաւ. «Ես Հալէպ էի, տղաս առտու կանուխ զանգեց եւ տեղեկացուց որ ԻՊ-ը մտած է Թատմոր, գրաւած է մայր ճամբան, թելադրեցի իրեն , որ վայրկեան առաջ մեծ մօր եւ հօրեղբօր ընտանիքին հետ դուրս ելլեն: Անոնք երեք ինքնաշարժներով, մեծ արագութեամբ քշելով փախուստի դիմեցին բերդի ետեւի ճամբայէն, այնքան խուճապահար, որ մոռցած են վերցնել փաստաթուղթերն ու  կոկիկ գումար մը»:

Խօսելով իր տան մասին, ան ըսաւ, թէ լսած է իր դրացիներէն, որ տան թաղը երկու հրթիռով զարկած են, բայց յստակ չէ` ինչ պատահած է:

Մեր տունը երեք յարկանի է, ուր եղբայրներով կը բնակէինք, դուրս եկած պահուն եղբայրս մեր գործաւորին, որուն տունը ռմբակոծուած է, առաջարկած է գալ ու բնակիլ մեր տան մէջ:  Անոնք հազիւ կը հաստատուին, ԻՊ-ի  զինեալներ  երկու օր ետք կու գան կը զառնեն տան դուռը, թէ հոս քրիստոնեայի տուն է, կը գրաւեն ինչքերը, խաչ, սուրբերու նկարները,  բոլոր ապրանքը դուրս կը շպրտեն, կը բերեն իրենց յատուկ ապրանքները եւ շէնքը «Մահքամէ շարհիէ» (Իսլամական դատարան) կը յայտարարեն:  Կ’ըսէ, թէ  տեղեակ չեն, թէ այսօր  ինչ կ'ըլայ Թատմորի  մէջ:

Թատմորը, ԻՊ-ի կողմէ գրաւուելէն մէկ ամիս ետք, սուրիական բանակը փորձեց վերստին իր տիրութեան տակ առնել շրջանը, փոքր յառաջխաղացման փորձ մը եղաւ, սակայն յաջողութեամբ չպսակուեցաւ:

 

Թատմորի մարդահամարի մասին տուեալներ պարզելով, Բաբգէն կը տեղեկացնէ, որ նախքան Տահէշի ներխուժումը` Թատմորի բնակչութիւնը կը հաշուէր 40.000, կային նաեւ քրիստոնեաներ, Յոյն  ուղղափառները եկեղեցի ունէին, սակայն հայերը` ոչ, թիւով քիչ ըլլալնուն համար: Ներխուժումէն ետք քաղաքի բնակչութենէն հազիւ 2000 հոգի մնացած է, ընդհանրապէս պարզունակ մարդիկ, իսկ մնացեալ բնակչութիւնը մեծ մասամբ փախած է Րաքքա, թէեւ հոն ԻՊ-ը կը տիրապետէ, բայց  համեմատաբար աւելի  տանելի   իրավիճակ մը կը տիրէ, կը բացատրէ մեր զրուցակիցը:

Մեկնաբանելով  Թատմորի գրաւման գլխաւոր պատճառը` ան կը յայտնէ, որ հիմնական նպատակը հոն գտնուած նաւթին տիրանալն էր:  Ան կը նշէ, որ այնտեղ երեք գլխաւոր նաւթահորեր կային, որոնցմէ նշանաւորը «Ճապալ Շահէր»ն է:

Տարի մը առաջ Հալէպի մէջ աշխատատեղի հասնելու համար ստիպուած Ռամուսէյի ճամբուն վրայ 200 մեթր վտանգաւոր ճամբան կտրելու ժամանակ ան վիրաւորուած է փամփուշտով մը:

Շուրջ երկու ամիս Հայաստան մնալով`  Բաբգէնի ընտանիքը փորձած է Հայաստանի մէջ հաստատուելու հնարաւորութիւններ ստեղծել, սակայն, ո'չ իր հաստոցի վրայ վարպետ աշխատող տղան եւ ո'չ ալ` ինք, որ մեծ բեռնատարներ նորոգող է, կրցած են իրենց բաւարարող աշխատանք գտնել:

Այսպիսով, յոյսը կտրելով հայրենիքէն ու ծննդավայրէն,   Բաբգէն  Գրիգորեան  այսօր իր ընտանիքին հետ միասին հաստատուած է Շուէտ: