Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու յանձնաժողովը, որ կը վերահսկէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) որոշումներուն կատարումը, նոր որոշում ընդունած է Թուրքիոյ վերաբերյալ:
Յանձնաժողովը քննած է թուրք յայտնի հասարակական գործիչ, գործարար Օսման Քավալան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշը կալանքէ ազատ արձակելու մասին ՄԻԵԴ-ի որոշումներու չկատարման հարցը:
ԵԽ Նախարարներու կոմիտէին ընդունած որոշմամբ եւս մէկ անգամ պահանջուած է ազատ արձակել Տեմիթաշը եւ չեղարկել զայն ազատազրկելու որոշումը: Տեմիրթաշը ազատ արձակելու համար ԵԽ Նախարարների յանձնաժողովը Թուրքիոյ ժամանակ է տուած է մինչեւ 30 Սեպտեմբեր:
Կառոյցը պահանջած է նաեւ Օսման Քավալայի վերաբերեալ ՄԻԵԴ վճիռի կատարումը: Նախարարներու յանձնաժողովը որոշած է սպասել մինչեւ յաջորդ ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 30 Նոյեմբերէն մինչեւ 2 Դեկտեմբեր, նախքան Նախարարներու յանձնաժողովին կողմէ Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատժամիջոցներու կիրառումը: