image

Տեղի ունեցած է Ազգային Առաջնորդարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթը

Տեղի ունեցած է Ազգային Առաջնորդարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթը

Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին՝ Stars on Brand ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, որուն ներկայ եղան Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, շրջանի Ազգային երեսփոխան Յարութիւն Օտապաշեան, Ազգային միութիւններու եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներու բարերարներ եւ հիւրեր՝ մօտաւորապէս 200 անձեր:

Կազմակերպիչ մարմինին անունով բարի գալուստ մաղթեց փոխատենապետուհի Սօսի Կէօքէօզեան, որմէ ետք մարմինի անդամ Մարալ Գլընճեան կատարեց բացման խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի որոշումով պատուոյ հովանաւորութեան արժանացած Անժել Մելքոնեանին եւ անոր հարազատներուն ու հիւրերուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին զօրակցող բարերար հայուհիներուն եւ բոլոր ներկաներուն ու միասնաբար տօնական մթնոլորտ վայելելու բարի մաղթանք կատարեց:

Սրբազան հօր խօսքը թաթաւուն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարերարներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու հասցէին ուղղուած գնահատանքի խօսքերով: Ան նախ վեր առաւ բարերար զոյգին ցուցաբերած եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր գործունէութիւնը համայնքի ու ազգի կեանքին մէջ, ապա լուսաբանեց ներկաները՝ իր առաջարկով Անժել Մելքոնեանը ճաշկերոյթի պատուոյ հովանաւոր նկատուելուն՝ ըսելով, որ իրենց բարերարութեամբ հանրածանօթ Վ. եւ Հ. Մելքոնեանները մօտիկ անցեալին կատարեցին իշխանական նուիրատուութիւն մը եւ Քրեսենթա հովիտին մէջ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին ստեղծեցին՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Մելքոն Մելքոնեանի եւ ի սէր ու յարգանք իրենց սիրեցեալ մօր՝ Անժել Մելքոնեանի:

«Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը հայրապետական այցելութեան նախօրեակին, բարերար զոյգը կատարեց անակնկալ նոր նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ նորակազմ եկեղեցւոյ երեք խորաններուն շինարարական աշխատանքը ամբողջացնել ամէնէն արագ կերպով: Մելքոնեան ամոլի այս բարի գործին շնորհիւ, Արամ Ա. կաթողիկոսը, Քրեսենթա համայնքին տուած իր այցելութեան ընթացքին, յատուկ արարողութեամբ մը կատարեց աւագ խորանի օծումը», ըսաւ առաջնորդը՝ աւելցնելով. «Մելքոնեան ընտանիքի եկեղեցանուէր այս վարքին իբրեւ գնահատանք, մենք ուզեցինք գնահատել ընտանիքի մայր, եկեղեցաշէն եւ հայասէր դաստիարակ տիկին Անժելը, որուն բարեպաշտական շնորհներն ու հայաշունչ դաստիարակութիւնը առաջնորդեցին իր զաւակն ու հարսը Քրեսենթա հովիտի մէջ հայկական եկեղեցի կանգնեցնելու վսեմ գործին եւ Ազգային առաջնորդարանի հաւանութեամբ, եկեղեցին կոչուեցաւ բարերար զոյգի մօր անունով»:

Իր խօսքին աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը յատուկ գնահատագիրով մը Անժել Մելքոնեանին նուիրեց Հայ եկեղեցւոյ հազուագիւտ գոհարներէն, միջնադարու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցի կաթողիկոսի ձեռագիր Աւետարանին պատճէնահանուած գեղեցիկ օրինակը, նկարուած՝ հայ նշանաւոր գրիչ Կիրակոս Մանրանկարիչի վրձինով: Միաժամանակ, առաջնորդը նաեւ գնահատեց Տիկնանց օժանդակ մարմինին բծախնդիր աշխատանքը եւ յարատեւութիւն մաղթեց խումբին ու այսպիսի գեղեցիկ ձեռնարկներով ստեղծուած աւանդութեան:       

Յայտնենք, որ տօնավաճառ-ճաշկերոյթի գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտական խումբը, որ այս տարի եւս Ս. Ծննդեան երգերով հանդէս եկաւ եւ տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներու հոգիներուն մէջ, առաջնորդութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Մելիքսէթեանի, բեմավարութեամբ Կասիա Մահսէրէճեանի:

Աւանդական Կաղանդ Պապան եւս յայտնուեցաւ ճիշդ պահուն եւ ուրախացուց ներկաները, իսկ Lilia Dance Studio-ի աշակերտները եւ պարուսոյցը հանդէս եկան դասական պալէով մը եւ հմայեցին ներկաները: 

Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ Ճաշկերոյթը նաեւ դարձաւ առիթ մը, որ ներկաները իրենց ամանորեան գնումները կատարեն սրահը եզերած կրպակներէ եւ իրենց սիրելիներուն համար նուէրներ գնեն:

Աւարտին, ներկաները երգեցին Ս. Ծննդեան երգեր եւ տօնական ջերմ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: