Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, օրերս, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, նաւակատիք Ս. եկեղեցւոյ, մասնակի օծում եւ նախատօնակի արարողութիւն կատարուեցաւ, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Հայրը նաւակատիք Ս. եկեղեցւոյ կատարեց, ապա մասնակի օծումը կատարեց վերանորոգուած եկեղեցւոյ 16 սիւներուն, 3 սրբապատկերներուն, մկրտութեան աւազանին, որմէ ետք նախատօնակի արարողութիւն կատարեց։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, մասնակցութեամբ՝ թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, նաւակատիք Ս. եկեղեցւոյ, մասնակի օծում եւ նախատօնակի արարողութիւն կատարուեցաւ, Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու։
Հոգեկան ցնծութեան եզակի պահ էր Ս. Գէորգ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ մասնակից դառնալ հոգեպարար արարողութեան։
Սրբազան Հայրը նաւակատիք Ս. եկեղեցւոյ կատարեց, ապա մասնակի օծումը կատարեց վերանորոգուած եկեղեցւոյ 16 սիւներուն, 3 սրբապատկերներուն, մկրտութեան աւազանին, որմէ ետք նախատօնակի արարողութիւն կատարեց։ 16 սիւները կը խորհրդանշեն՝ Քրիստոսի 12 առաքեալները, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները, Պօղոս առաքեալը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը, համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան։ Սրբազան Հայրը վերանորոգուած եկեղեցւոյ մասնակի օծումը կատարեց, որպէսզի յառաջիկայ ամիսներուն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ժամանումով եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը կատարուի։
Այս առիթով կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։
Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր (Բ. Կր 1.3-7), որուն ընդմէջէն Սրբազան Հայրը քանի մը մտածումներ կիսեց ներկաներուն հետ։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ ողորմութիւնը, սէրը, մխիթարութիւնը եւ գութը Տիրոջմէ հեռու վիճակի մէջ չենք կրնար վայելել, այլ Տէրը ունենալով մեր կեանքին մէջ։ Այլ խօսքով, Աստուած է կենսատու աղբիւրը եւ հայրաբար կը գթայ, կը մխիթարէ եւ կը զօրացնէ մեզ մեր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մեզ սորվեցնէ եւ զօրացնէ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ որքան շատ բաժնեկից ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ՚ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը։
Սրբազան Հայրը օրինակներ մէջբերեց Աստուածաշունչի հին եւ նոր կտակարաններէն եւ սուրբերու կեանքէն, դիտել տալով, որ հակառակ իրենց կրած նեղութիւններուն եւ չարչարանքներուն, Տէրը ունենալով իրենց կեանքին մէջ եւ Քրիստոսի սիրոյն համար կամաւորապէս նահատակուելով՝ իրենց կեանքերը օրհնութիւն եւ բարիք դարձան։
Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ս. Գէորգ զօրավարի հաստատուն հաւատքին եւ հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, որ մեղսասէր եւ աշխարհասէր մարդոց ընթացքին չհետեւին, այլ մեր Տիրոջ հետ մշտական յարաբերութեան մէջ ըլլան եւ նեղութեան մէջ համբերեն, որպէսզի Ամենակալը հայրաբար գթայ եւ զօրացնէ մեզ։ Այլ խօսքով, Ս. Գէորգի տօնին հրաւիրուած ենք ինքնաքննութեան ճամբով եւ սուրբերու կեանքի օրինակով ընթանալու Տիրոջ ուղիէն, որպէսզի Աստուած մեր մէջ փառաւորուի եւ բարիք ու օրհնութիւն դառնանք մեր շրջապատին։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Գէորգ անունը կրողները։ Ան գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար նիւթաբարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած բոլոր բարերարները։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական Աղօթք»-ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տիկնաց յանձնախումբին եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան կողմէ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եւ Ս. Գէորգի բարեխօսութիւնը հայցող աղօթքի բացիկներ բաժնուեցան։