Ատրպէյճանցի պատգամաւոր Հասանկուլիեւը յայտարարած է, որ «Մե՛նք ենք մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յուշարձանը, ինչպէս նաեւ 1988 թուականէն ի վեր Արցախի մէջ կառուցած որեւէ յուշարձան պէտք է քանդուի։
«Խանքենտիի (բռնագրաւուած Ստեփանակերտ) մէջ 1967 թուականին կառուցուած եւ հայ ազգայնականներու եւ հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ դարձած «Մենք եւ մեր սարերը» կոչուող յուշարձանը պէտք է քանդուի, եւ ատոր տեղ պէտք է կանգնեցուի ատրպէյճանցի զինուորի պատուոյն շքեղ յուշարձան։
Ընդհանուր առմամբ, 1988 թուականէն ի վեր հայ անջատողականներու կողմէ կառուցուած որեւէ յուշարձան պէտք է քանդուի։ Որովհետեւ նման յուշարձանները իրականութեան մէջ վերստին կ՚արիւնահոսեն տարիներու ընթացքին անջատողականութեան պատճառած վէրքերը եւ կը յիշեցնեն մեզ պատերազմի ցաւի մասին։
Խանքենտին (բռնագրաւուած Ստեփանակերտ) պէտք է յայտարարուի առնուազն երկրի երկրորդ մայրաքաղաք, այնտեղ պէտք է կառուցուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի ժամանակակից գրասենեակ, իսկ պետութեան ղեկավարը պէտք է ամառային ամիսներուն այնտեղ ընդունի իր հիւրերը։ Կառավարութիւնը պէտք է մտածէ այս մասին»,- յայտարարած է «Արդարութիւն, Իրաւունք, Ժողովրդավարութիւն» կուսակցության նախագահ, պատգամաւոր Հասանկուլիեւը։