image

Տասնեակ ինքնաշարժներ «պաշարուած» են. Պատճառը մերկասառոյցն է

Տասնեակ ինքնաշարժներ «պաշարուած» են. Պատճառը մերկասառոյցն է

Դտկտեմբեր 1-ի գիշերը, 5 ժամէ աւելի, արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է Սիւնիքի մարզին մէջ։

shamshyan.com-ի հաղորդմամբ`Երեւան-Մեղրի ճանապարհին՝ ժողովուրդին յայտնի «Սատանի կամուրջ»էն դէպի Տաթեւի վանք տանող ճանապարհահատուածը ամբողջովին պատուած եղած է մերկասառոյցով, որու պատճառով ալ 100-է աւելի փոխադրային միջոցներ, այդ շարքին՝ բեռնատարներ, չեն կրցած երթեւեկել։

Ճանապարհային ոստիկանութեան տեսուչները մեծ դժուարութեամբ կրցած են մեքենաները դուրս բերել մերկասառոյց ճանապարհէն, ու ճանապարհային ոստիկաններուն օգնած են գիւղացիները, ու անոնցմէ մէկը իր անձնական օգտագործման թրաքթորը բերած է նշուած վայր, որպէսզի կարողանան մեքենաները դուրս բերել։

Գրեթէ ժամը 18։00-էն նշուած ճանապարհահատուածի խայտառակ վիճակի մասին տեղեկացուցած են ճանապարհը սպասարկող «Ռաֆ Մար» ՍՊԸ-ին: