Լիբանանի զբօսաշրջական մարզը կը դիմագրաւէ վերջին տարիներու ամենածանր ճգնաժամերէն մէկը։ Այցելուներու կտրուկ նուազումը, սփիւռքահայ եւ արտասահմանի լիբանանցիներու զգուշաւոր կեցուածքը եւ շարունակուող անվտանգային անորոշութիւնը լուրջ հարուած հասցուցած են տնտեսութեան այս կենսական ճիւղին։
Զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան այս բոլորին մասին խօսած է «Պըլ Արապի» կայքին նշելով, որ եթէ ներկայ պայմանները շարունակուին, բազմաթիւ հաստատութիւններ կրնան փակուիլ։ Ան կը շեշտէ, թէ հիւրանոցները, ճաշարանները եւ զբօսաշրջութեան հետ առնչուող այլ մարզեր ծանր կորուստներ կը կրեն։
Չնայած դժուարութիւններուն, Կիտանեան համոզուած է, որ անվտանգային կայունութեան հաստատման պարագային Լիբանանը կրնայ արագօրէն վերագտնել իր դիրքը՝ որպէս տարածաշրջանի կարեւոր զբօսաշրջական կեդրոն։
Ստորեւ Աւետիս Կիտանեանի «Պըլ Արապի» կայքին տուած հարցազրոյցին կարեւորագոյն հատուածները։
Թարգմանութիւնը՝ «Արեւելք»ի
Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը այսօր իր գոյատեւման ամենադժուար պայքարներէն մէկը կ՚ապրի։ Ամրան շրջանը տարիներ շարունակ լիբանանցիներուն համար տնտեսական հիմնական յոյսն ու «թարմ տոլար»ի աղբիւրը կը նկատուէին, այսօր իրական վտանգի տակ կը գտնուին։
Թոյլ ամրագրումներ, այցելուներու թիւի մտահոգիչ նուազում եւ հիւրանոցներու ու ճաշարաններու վրայ ծանրացող կորուստներու պայմաններուն մէջ, մասնաւոր մարզը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ զգուշացնելով, որ այս տարուան զբօսաշրջական շրջանը կրնայ վերջին տարիներուն ամենածանր տարիներէն մին դառնալ։
Այս տարի յատկանշական է նաեւ այն, որ լիբանանեան լայնատարած սփիւռքի քաղաքացիները, որոնք երկար տարիներ տնտեսութեան «փրկութեան օղակ»ը կը համարուէին, այսօր աւելի զգուշաւոր կերպով կը մօտենան Լիբանան այցելելու գաղափարին՝ անվտանգային մտահոգութիւններուն եւ անորոշութեան պատճառով։
Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան այս բոլորին մասին խօսած է, նկատել տալով, որ զբօսաշրջական մարզը շատ ծանր փուլ մը կ՚ապրի եւ ներկայ իրավիճակը զգալիօրէն վատթարացած է։ Ան նշած է, որ Պէյրութի հիւրանոցներուն զբաղուածութիւնը հազիւ 10 առ հարիւրի կը հասնի, մինչ մայրաքաղաքէն դուրս վիճակը աւելի ծանր է։
Կիտանեան շեշտած է , թէ ճաշարաններու մարզը յստակ լճացումի մէջ է եւ գրեթէ ամբողջովին տեղացի յաճախորդներու վրայ կը յենի, որովհետեւ զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնը գրեթէ բացակայ է։
Նախկին նախարարը նաեւ բացատրած է , որ տնտեսական տագնապը ուղղակիօրէն ազդած է լիբանանցիներու գնողունակութեան ուժին վրայ, ինչ որ բացասաբար անդրադարձած է ներքին զբօսաշրջութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջ մարզին վրայ։
Ան նշած է , որ այցելուներու թիւի անկումը Լիբանանը կը զրկէ կենսական եկամուտներէ։ Նախապէս զբօսաշրջիկ մը իր կեցութեան ընթացքին միջին հաշուով 2000-3000 տոլար կը ծախսէր, ինչ որ անմիջապէս կ՚օժանդակէր տեղական տնտեսութեան։ Այս եկամտային աղբիւրը սակայն այսօր կտրուկ կերպով նուազած է։
Կիտանեան կը զգուշացնէ, թէ եթէ ներկայ պայմանները շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն, զբօսաշրջական բազմաթիւ հաստատութիւններ կրնան փակուիլ։ Իր կարծիքով՝ մեծ ու փորձառու հաստատութիւնները աւելի տոկուն կրնան ըլլալ, մինչ փոքր ճաշարաններն ու նորաստեղծ ձեռնարկութիւնները ամենէն աւելի վտանգուած են։
Վերջինիս կարծիքով, ընթացիկ տարուան առաջին չորս ամիսներուն Լիբանան ժամանողներու թիւը շուրջ 60-65 առ հարիւրով նուազած է նախորդ տարուան նոյն շրջանի բաղդատմամբ։ Այս անկումը կը վերաբերի ոչ միայն զբօսաշրջիկներուն, այլ նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն , եւ նոյնիսկ տարանցիկ ուղեւորներուն։
Այս իրավիճակը ուղղակիօրէն ազդած է հիւրանոցներու, ինքնաշարժ վարձու տուող ընկերութիւններու, ճաշարաններու, զբօսավարներու եւ Airbnb-ի նման հարթակներու գործունէութեան վրայ։
Կիտանեան կ՚ընդգծէ , թէ Լիբանանի տնտեսութիւնը մեծապէս կախեալ է սփիւռքի դրամական փոխանցումներէն, զբօսաշրջութենէն եւ արտերկրի լիբանանցիներէն։ Անոր համաձայն՝ անվտանգային անկայունութիւնը արտասահմանի լիբանանցիներուն կը մղէ կրճատելու իրենց այցելութիւնները։
Անդրադառնալով Լիբանանի արդէն երկրորդ Քլէյաաթի օդակայանի բացման, Կիտանեան յայտնած է, թէ այդ օդակայանի վերագործարկումը դրական քայլ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկրորդ օդակայանի գոյութիւնը կրնայ վստահութիւն ներշնչել այցելուներուն եւ նպաստել օդային փոխադրութեան զարգացման։
Չնայած ներկայ տագնապին՝ Կիտանեան համոզուած է, թէ Լիբանանը տակաւին կը պահպանէ իր յատուկ տեղը տարածաշրջանի զբօսաշրջային քարտէսին վրայ։ Ան շեշտած է, թէ երկիրը ունի բարեխառն կլիմայ, զարգացած հիւրընկալութեան մշակոյթ, բազմազան ճաշարաններ եւ բարձր մակարդակի ծառայութիւններ։
Սակայն ան ընդգծած , թէ հիմնական խոչընդոտը կը մնայ անվտանգային անկայունութիւնը եւ քաղաքական փխրուն իրավիճակը։ Ըստ իրեն՝ եթէ այս խնդիրը լուծուի, Լիբանանը կրնայ արագօրէն վերագտնել իր տեղը որպէս կարեւոր զբօսաշրջական կեդրոն։
Կիտանեան նաեւ նշած, թէ լիբանանեան զբօսաշրջական պատկերին վերականգնումը ժամանակ կը պահանջէ։ Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկները աւելի արագ կրնան վերադառնալ, մինչ եվրոպական եւ արեւմտեան շուկաները աւելի երկար ժամանակի պիտի կարօտին վստահութիւնը վերականգնելու համար։
Նախկին նախարար Կիտանեան իր խօսքը եզրափակելով նշած է, թէ զբօսաշրջութեան փրկութիւնը անհնար է առանց ամբողջական զինադադարի եւ արագ անվտանգային կայունացման։ Ըստ անոր ՝ ներկայ պայմաններուն մէջ լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը իր ամենածանր փուլերէն մէկը կ՚ապրի։