Ռուսիոյ Դաշնութեան Պահպանութեան դաշնային ծառայութեան յատուկ նշանակութեան ինքնաշարժներու կազմին մէջ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին սպասարկելու համար արտասահմանեան արտադրութեան ինքնաշարժներ չկան։
Ռիա Նովոսթիին ըսած է գերատեսչութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Տենիս Սիմոնով։
Ան նշած է, որ Փութին արդէն 6 տարի է, ինչ կ'օգտագործէ ռուսական արտադրութեան ինքնաշարժ՝ AURUS լիմուզին։ Նախագահը ռուսական ինքնաշարժով կ'երթեւեկէ Ռուսիոյ եւ արտերկրի մէջ։
AURUS մեքենաները կը տրամադրուին նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութիւն ժամանած օտարերկրեայ հիւրերուն։
Փութին նոր լիմուզին առաջին անգամ նստած է 2018 թուականի 7 մայիսին: Մինչ այդ ան երթեւեկած է Մերսետեսով։
«Ինքնաշարժներու կազմի մեծ մասը կազմուած է հայրենական արտադրութեան ինքնաշարժներէ, կան արտասահմանեան ինքնաշարժներ, սակայն պետութեան ղեկավարը չ'օգտուիր անոնցմէ»,- ըսած է Սիմոնով։