image

«Տարբերութիւն չկայ, Պէյրութը եւ Երեւանը նոյնն են».Ձախ Յարութի «առաջին ելոյթ»ը կօշկակարներու առջեւ (Տեսանիւթ)

«Տարբերութիւն չկայ, Պէյրութը եւ Երեւանը նոյնն են».Ձախ Յարութի «առաջին ելոյթ»ը կօշկակարներու առջեւ (Տեսանիւթ)

Կ՚արժէ լսել Յարութը, եւ կ՚արժէ կանգ առնել անոր խօսքին վրայ, յատկապէս երբ կը վկայէ, որ Պէյրութն ու Երեւանը մէկ են, նոյնն են եւ իր համար այդ առումով տարբերութիւններ չկան։

 Խորքին մէջ, մեր տարբերութիւնները իրական հարստութիւն եւ ժառանգութիւն են, պայմանաւ, որ արժեցնենք այդ հարստութիւնը։

Հայաշխարհի երգի վարպետներէն Յարութ Փամպուքճեան  իր իւրայատուկ ձայն ունենալու կողքին նաեւ  պերճախօս անձնաւորութիւն է։

 

 Փամպուքճեան, որ նախքան Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլը որոշ ժամանակ մը ապրած է Լիբանան եւ մօտէն առնչուած տեղի հայութեան հետ։

Ու այդ օրերու եւ յիշատակներու մասին է, որ կը պատմէ Յարութը մեր տեղադրած տեսանիւթին մէջ։

Կը պատմէ, թէ ինչպէս ընկերացած է իրենց թաղի կօշկակարներուն հետ, խօսած է անոնց հետ, հաց կիսած, մտահոգութիւնները բաժնած եւ նոյնիսկ երգած անոնց համար։

«Ներս մտայ»,- կը պատմէ Փամպուքճեան, «Ներս մտայ եւ ըսի «Մարհապա շապապ» ( բարեւ երիտասարդներ, Խմբ. «Արեւելք»), բոլոր զարմացան եւ յետոյ իրենց ըսի, որ պիտի երգեմ ... ուրախութիւն տիրեց պահ մը, սեղան դրին եւ ուշադրութեամբ ալ լսեցին ...»։

 Ուշագրաւը այն է, որ Հայաստան ծնած մեծցած եւ Պուրճ Համուտի մէջ հասակ առած հայերու միջեւ բնականօրէն տարբերութիւններ միշտ ալ եղած են։

 Կենցաղային տարբերութիւններ, խօսքի, ուտելու եղանակի, մտածելու եւ նոյնիսկ հոգեբանութեան, սակայն այս բոլորով հանդերձ հայութիւնը մէկ է ու միակամ ու այդ մասին ամենամեծ վկայութիւնը երգիչ Յարութն է, ու իր նման շատ-շատերը, որ մեր տարբերութիւնները կը վերածեն հարստութեան եւ այդ աւանդը կը դարձնեն իսկական ժառանգութիւնը։

Կ՚արժէ լսել Յարութը, եւ կ՚արժէ կանգ առնել անոր խօսքին վրայ, յատկապէս երբ կը վկայէ, որ Պէյրութն ու Երեւանը մէկ են, նոյնն են եւ իր համար այդ առումով տարբերութիւններ չկան։

 Խորքին մէջ, մեր տարբերութիւնները իրական հարստութիւն եւ ժառանգութիւն են, պայմանաւ, որ արժեցնենք այդ հարստութիւնը։

 Մնացեալը տեսանիւթին մէջ։