image

Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանի հարաւը. Կան զոհեր

Իսրայէլ  հարուածած է Լիբանանի հարաւը. Կան զոհեր

Լիբանանի հարաւը՝ Նապաթիէ շրջանի Քֆար Տաճճալ գիւղաքաղաքին մէջ, յունիս 24-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է ինքնաշարժ մը, որու հետեւանքով երեք մարդ զոհուած է։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը յայտնած է Al Jazeera-ն՝ վկայակոչելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութեան տուեալներով՝ անօդաչու թռչող սարքը երկու հրթիռով թիրախաւորած է ինքնաշարժը՝ պատճառելով պայթում եւ մարդկային զոհեր։ Հրշէջներ եւ շտապօգնութեան աշխատակիցներ անմիջապէս հասած են դէպքի վայր։

Գործակալութիւնը նշած է, որ առաւօտ կանուխ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր կը շրջէին Նապաթիէ շրջանի վրայ։

Պաշտօնական տուեալներով՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հրադադարի համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելէն ի վեր՝ Նոյեմբեր 27-ին, Իսրայէլ կատարած է մօտ 3000 խախտում, որոնց հետեւանքով զոհուած է առնուազն 209 մարդ եւ վիրաւորուած՝ 504-ը։

Հակառակ հրադադարի համաձայնագրին՝ իսրայէլեան բանակը մասնակիօրէն դուրս եկած է հարաւային Լիբանանէն, շարունակելով իր վերահսկողութեան տակ պահել վերջին պատերազմի ընթացքին գրաւուած հինգ կարեւոր լիբանանեան բարձունքներ։