Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը դեռ որոշում չունի, թէ ով պիտի փոխարինէ Վիգէն Խաչատրեանը:
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհանիսեանը Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է, որ դեռ այդ հարցի քննարկման ժամանակը չէ, երբ ժամանակը կու գայ, խմբակցութիւնը յայտարարութիւն կը տարածէ։
Հարցին, թէ՞ հնարաւոր է, որ մանթատ ստանայ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Անուշ Քլոյեանը, ան արձագանգած է․ «Ոչ մի հարցի չեմ պատասխանելու»։
Յիշեցնենք, որ 72 տարեկանին մահացած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանը։
Նշենք, որ մամուլի հրապարակումներու համաձայն՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համապետական ցուցակի 93-րդ համարը Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Անուշ Քլոյեանն է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ, ան պիտի փոխարինէ Վիգեն Խաչատրեանը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Անուշ Քլոյեանը Մարտ 1-ի գործով տուժած ճանչցուած Սարգիս Քլոյեանի դուստրն է։