image
Հրատապ լուրեր:

Սուտանի միակ եկեղեցւոյ պաշտպան՝ Հայը (Տեսանիւթ)

 Սուտանի միակ եկեղեցւոյ պաշտպան՝ Հայը (Տեսանիւթ)

Երեք շաբաթէ ի վեր Սուտան բռնուած է լափլիզող հրդեհներու մէջ։

Բանակի երկու զօրավարներ ընդամէնը ժամերու մէջ երկիրը դարձուցին արիւնալի պատերազմի թատերաբեմ։

Խորքային եւ անհատական   տարակարծութիւններու  վրայ   ուռճացած  հակամարտութեան  մասին   կարեւոր պատուհան մը կը բանայ մեկնաբան Սագօ Արեան։

Ան կը ներկայացնէ այսօրուայ հակամարտութեան հակիրճ նախապատմութիւնը եւ մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ  Սուտանի հայոց պատկանող միակ եկեղեցւոյ մասին։

Ո՞վ է միակ պաշտպանը այդ եկեղեցիին եւ ինչ պայմաններու տակ կը գտնուի մեր հայրենակիցը։

  Սուտանի  մայրաքաղաք Խարթումէն «Արեւելք»ին  ուղարկուած տեսանիւթերը  պատկերը կը դարձնեն ամբողջական եւ անշուշտ ցոյց կու տան, թէ  յաճախ մէկ անձի զոհողութեամբ  ինչպէս կարելի կըլլայ փրկել շատ բան։

 Կարեւորը նուիրուելու ոգին եւ  հայու կամքն են նկատել կու տայ մեկնաբանը, յոյս յայտնելով, որ արիւնալի եւ վտանգներով լեցուն հակամարտութիւնը շուտով կը մարի։

Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։