ԱՄՆ իշխանութեան հովանաւորութեամբ գործող Միջազգային Դաշնութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ սահմանային նոր ուժ պիտի ստեղծէ, որուն զինեալներու թիւը պիտի կազմէ 30 հազար անձ:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը խօսքերը, յայտնած է, թէ Միջազգային Դաշնութեան կողմէ սահմանապահ ուժերու ստեղծումն էր Անգարայի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնակատարի հրաւիրուելուն պատճառը, առանց որեւէ այլ մանրամասներ ներկայացնելու:
Նշուած է, որ նոր ստեղծուելիք սահմանապահ ուժերը ենթակայ պիտի ըլլան Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն, որոնք ԱՄՆ օժանդակութեամբ պայքար կը մղեն «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: