image

Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ականներ մասնակցած են Քարոզչական Սեմինարին

Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ականներ մասնակցած  են  Քարոզչական Սեմինարին

Սուրիոյ  ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի էջէն կը կարդանք ՝

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ 13 Նոյեմբեր 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, երեք նիստերով քարոզչական առցանց Ա. սեմինարը հասաւ իր լրումին։ Սուրիոյ շրջանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Շրջ. Վարչութեան անդամ քոյր Լիզա Լալէեան, գրական յանձնախումբի անդամներ քոյր Նայիրի Ազարիկեան եւ քոյր Մարինա Պօղիկեան։ Ի պաշտօնէ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի ներկայացուցիչ եղբ. Եղիա Քիլէճեան եւ խմբագրակազմի անդամ եղբ. Ռաֆֆի Սիւլահեան։

Առաջին նիստին, լուսարձակի տակ առնուեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխուժացումը ընկերային ցանցերուն վրայ» թեման։

Երկրորդ նիստին, խմբակային երեք հանդիպումներ տեղի ունեցան, որմէ ետք խմբակային աշխատանքներու զեկուցումները ներկայացուեցան եւ

քարոզչական ընդհանուր ուղեցոյցը քննարկուեցաւ։ 

Վստահ ենք, որ ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխատանքին զարկ տուող այս սեմինարը շուտով իր դրական արդիւնքը պիտի տայ՝ Միութեան բոլոր շրջաններէն եւ մասնաճիւղերէն ներս։