Սուրիոյ բանակը յաջողած է իր տիրապետութեան տակ առնել «Ալ Սախնէ» քաղաքը, որ մինչեւ երէկ, «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան հսկողութեան տակ էր:
Այս մասին տեղեկութիւն տուած է Russia Today-ը:
Ըստ աղբիւրին՝ սուրիական բանակին գրանցած այս նոաճումը կը համարուի մեծ եւ դէպի յաղթանակ տանող քայլ մը, որովհետեւ «Ալ Սախնէ» քաղաքը, «Ռաքքա», «Տէր Զօր», եւ «Թատմոր» քաղաքներէն բացի, միակ քաղաքն է, որ գրաւուած էր «Տահէշ»ի կողմէ, եւ վերադարձաւ Սուրիոյ օրինական իշխանութեան:
Նշենք, որ լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն այն մասին, որ յառաջիկայ ամիսներուն Սուրիոյ բանակը պիտի շղթայազերծէ Տէր Զօրը «Տահէշ»էն ազատագրելու մեծ եւ սպասուած պատերազմին: