image

Կիպրահայ անմահանուն գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Լ. Աշճեանի մասին հատոր կը պատրաստուի

Կիպրահայ անմահանուն գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Լ. Աշճեանի մասին հատոր կը պատրաստուի

  «Արեւելք» (Նիկոսիա)Կիպրահայ կեանքի բազմապիսի առանցներուն մէջ իր ուրոյն եւ բարերար կնիքը թողած հանգուցեալ գործիչ Տօքթ. Անդրանիկ Լ. Աշճեանին մասին հանգամանալից հատոր մը կը պատրաստուի։

Ասոր մասին իմացանք հանգուցեալի որդւոյն, ազգային-հասարակական գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Ա. Աշճեանի դիմատետրեան գրառումէն։

 

 

 Ստորեւ այդ գրառումը՝ 

Սիրելի հայրենակիցներ, 

Ջերմապէս կը փափաքինք ստանալ 1970-1982 թթ. հայ համայնքի ներկայացուցիչ Տոքթ. Անդրանիկ Լ. Աշճեանին վերաբերող Ձեր ունեցած լուսանկարները, նամակները եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած հրապարակումները, ամբողջացնելու համար իր կեանքի ու գործունէութեան մասին պատրաստուող գիրքը: 

Մասնաւոր գոհունակութեամբ պիտի ստանանք յատկապէս Տոքթ. Անդրանիկ Լ. Աշճեանի մասին Ձեր յուշագրութիւնները, որոնք տեղ պիտի գտնեն հատորին մէջ, հայերէն, յունարէն կամ անգլերէն լեզուներով: 

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեր օժանդակութեան համար: 

Ձեր լուսանկարները եւ գրութիւնները կրնաք առաքել bio@ashdjian.com