ԻՊ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ռազմական գործողութիւն մըսկիզբ առած է, Իրաքի եւ Սուրիայի սահմանին անապատային շրջանին մէջ, ուր թաքնուած է կազմակերպութեան ղեկավար Ալ Պաղտատի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ»ը:
Ալ Պաղտատիի զանազան զարկերէ եւ կալանաւորման փորձերէ ազատելէ ետք, մասնագէտներ կ'ակնկալեն թէ Ալ Պաղտատի կրկին կրնայ ստեղծել փախուստի ճամբայ:
Իրաքի ծայրայեղական կազմակերպութեան անդամ՝ Հիշամ Ալ Հաշէմի «Ֆրանս Բրես» լրատուական գործակալութեան տեղեկացուոցած է, թէ «Պաղտատի կը գտնուի Լեւանդի անապատներուն մէջ, Սուրիան եւ Իրաքը հատող շրջաններուն մէջ, եւ կը շարունակէ շրջիլ Սուրիոյ Հաճին քաղաքի եւ Իրաքի հիւսիս-արեւմտեան ալ Պաա քաղաքներուն միջեւ:
Նոյն լրատուականին այս հարցի շուրջ իր կարծիքը յայտնած է քիւրտ ղեկաւար՝ Զարատաշտ Քոպան, նշելով, թէ «այս տարածքը ԻՊ-ի վարձկաններու վերջին ապաստանը պէտք է ըլլայ», աւելցնելով, որ «ԻՊ-ի ամբողջ ղեկաւարութիւնը կը գտնուի Սուրիոյ Սուսա եւ Հաճին քաղաքներուն մէջ եւ մենք այս քաղաքներու մէջ պիտի վերացնենք անոնց»:
Հակառակ այս կարծիքներուն, Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի ծայրայեղական ծրագրերու հետազօտող՝ Հասան Հասան, կը հաստատէ, թէ «Պաղտատիի գտնուած վայրի պարզումը այնքան ալ հեշտ չէ, Պաղտատի բաւականին լաւ գիտէ թաքնուելու եւ փախուստ տալու ձեւերը եւ միայն իր կողմէ վստահուած մարդիկ կրնան իմանալ անոր բնակած վայրը»: