image

Սուրէն Տօնապետեանի անումբ սենեակ «Ազդակ»ի յարկին տակ

Սուրէն Տօնապետեանի անումբ սենեակ «Ազդակ»ի յարկին տակ

«Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակը այսուհետեւ կը կոչուի 1976-1984 թուականներուն «Ազդակ»-ի ցրւումի աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը վարած Սուրէն Տօնապետեանի անունով:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

«Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հաստատած աւանդութիւնը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի աշխատասենեակները կ՛անուանակոչուին մամուլի գործիչներու եւ մամուլի զանազան ծրագիրներու աջակցած նուիրատուներու հարազատներուն անուններով:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ «Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակը այսուհետեւ կը կոչուի  1976-1984 թուականներուն «Ազդակ»-ի ցրւումի աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը վարած Սուրէն Տօնապետեանի անունով:

Մամուլի շուրջօրեայ աշխատանքը իրարու ագուցուած շղթայական մեքենականութիւն ունի` խմբագրութենէն գրաշարութիւն, սրբագրութենէն էջադրում, քարտուղարական եւ վարչական բաժինէն տպագրութիւն եւ ցրւում: Ասոնցմէ որեւէ օղակի անգործութիւն կը կասեցնէ ընդհանուր աշխատանքը, որուն վերջին փուլը ցրւումի համակարգն է` թերթը ընթերցողին հասցնող վերջին փուլը:

Այս կարեւոր փուլի կազմակերպումը 8 անընդմէջ տարի վարած է Սուրէն Տօնապետեան, որուն անունով կոչուեցաւ «Ազդակ»-ի վարչական գրասենեակը: