image

Ըստ Սուրէն Սարգսեանի ԱՄՆ այլեւս չի կրնար Հայաստան- Ատրպէյճան հարցով միջնորդի դեր ստանձնել 

Ըստ Սուրէն Սարգսեանի ԱՄՆ այլեւս չի կրնար Հայաստան- Ատրպէյճան հարցով միջնորդի դեր ստանձնել 

Միացեալ Նահանգները փաստացի դադրած է Հարաւային Կովկասի մէջ զսպող եւ հաւասարակշռող գործօն ըլլալէ, ուստի չարժեր սպասել, որ Ուաշինկթընն աշխուժութիւն կը դրսեւորէ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ։ Այս տեսակէտը յայտնած է քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեանը` մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի երէկուան հեռախօսազրոյցը։

«Չէի շտապի մէկ հեռախօսազանգով պայմանաւորուած պնդել, որ ամերիկեան կողմը Հարաւային Կովկասում սկսելու է ակտիւութիւն ցուցաբերել կամ հայ-ադրբեջանական պայմանագիրը ստորագրելու միջնորդ լինել: Առաւել կարեւոր է հետեւել այլ հեռախօսազանգերին եւ զարգացումներին, որոնք տեղի են ունենում Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլադիմիր Պուտինի եւ ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի միջեւ, որոնք նոր իրողութիւններ են ձեւաւորում աշխարհում: Մեր մասով աւելի շատ բան կախուած է լինելու Իրանի եւ ԱՄՆ–ի յարաբերութիւնների դինամիկայից, դրանց դրական կամ բացասական զարգացումներից»,– գրած է Սարգսեանը դիմատետրեան էջին:

Նա նշած է, որ Թրամփ կրնայ փորձել խաղաղութեան պայմանագրի միջնորդ ըլլալ, բայց ատոր համար շարք մը հանգամանքներ կան։

«Միացեալ Նահանգները բալանսաւորող եւ զսպող գործօն էր հանդիսանում Հարաւային Կովկասում իր ներկայութեամբ, փափուկ ուժի առկայութեամբ, ՆԱԹՕ-ում ծանրակշիռ դերակատարութեամբ, Ռուսաստանի հետ մրցակցութեամբ: Հիմա բոլոր այս գործօնները չկան, եւ ԱՄՆ-ն նոր գործիքակազմ պէտք է մշակի ազդեցութեան պահպանման եւ բալանսաւորման համար»,– եզրափակած է քաղաքագէտը: