Ժընեւի մէջ Սուրբ Զատկուան հրաշափառ տօնին առթիւ մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Զուիցերիոյ Ազգային Առաջնորդարանէն, որ այս առթիւ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուրկէ կը կարդանք՝
Երէկ՝ Կիրակի 4 Ապրիլ 2022-ին, Ժնեւի Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ խուռներամ հաւատացեալներ մասնակցեցան Զատկական Սուրբ Պատարագին։ Բոլոր ներկայ հաւատացեալները հաղորդուեցան օրուան խորհուրդին հետ եւ ստացան սուրբ հաղորդութիւն:
Սուրբ Պատարագը հանդիսաւորապէս մատուցեց` Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ` Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանը: Եկեղեցւոյ երգչախումբը հրաշալի կերպով կատարեց պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը:
Պատարագի աւարտին Տեղապահ հայրսուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն հայոց հայրապետին Սուրբ Յարութեան Զատկական պատգամը: Ապա հայրսուրբը Ֆրանսերէն լեզուով եւս բովանդակալից կերպով իր Զատկական շնորհաւորանքը փոխանցեց հաւատացեալներուն` աւետելով Սուրբ Յարութիւնը մեր Փրկչին:
Սուրբ Պատարագին ներկայ էր Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Արտակարգ եւ լիազոր դեսպան՝ Անդրանիկ Յովհանիսեանը իր ընտանիքի անդամներուն հետ: