image

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ վերջին հրաժեշտն կու տան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ վերջին հրաժեշտն կու տան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին

Հռոմի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հոմի Ֆրանչիսկոն պապի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ յուղարկավորութեան կը մասնակցին տասնեակ երկիրներու առաջնորդներ, այդ շարքին՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին: Հռոմի պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քավելաշվիլին։

Արարողութեան կը մասնակցի նաեւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Պապը պիտի յուղարկաւորեն Սանթա Մարիա Մաճորէ եկեղեցւոյ մէջ՝ իր ցանկութեամբ:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապն աւելի քան 1 դար անց պիտի ըլլայ առաջին պապը, որ պիտի յուղարկաւորուի Վատիկանէն դուրս:

88-ամեաձ Ֆրանչիսկոս պապը մահացած է սրտի կաթուածէ, ապրիլ 21-ի վաղ առաւօտեան՝ տեղական ժամանակով առաւօտեան ժամը 07:35-ին Վատիկանի Սանթա Մարթայի իր կեցավայրին մէջ: